2013-10-20 12:50:18

''Տէրը մեր կեանքի դաշնակիցն է, Անոր հանդէպ մեր հաւատքը մեր զօրքն է եւ աղօթքը հաւատքի արտայայտութիւն է''։` Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը 20 հոկտեմբերի արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին։


Կիրակի, 20 հոկտեմբերի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն, արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը կատարեց հիմնուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ ուր Յիսուս կը պատմէ անիրաւ դատաւորի եւ այրի կնոջ առակը։Այրի կինը որ ստէպ կը դիմէր այդ անիրաւ դատաւորին որ իր դատը տեսնէ եւ այս վերջինը շատ անգամ մերժելէ ետք այրի կնոջ խնդրանքը ի վերջոյ հոգնած` կը զիչի եւ դատը կը տեսնէ։ Յիսուս առակը կ՛եզրափակէ ըսելով. ''Իսկ Աստուած արդարութիւն պիտի չընէ՞ իր ընտրեալներուն, որ իրեն կ՛աղաղակեն գիշեր ցորեկ, կամ միայն պիտի սպասեցնէ՞ զանոնք''։
Աստուած մեզ կը հրաւիրէ աղօթելու յարատեւ, ոչ որովհետեւ չի գիտեր մեր կարիքնրը կամ մտիկ չըներ մեզի, ընդհակառակը Ան միշտ մտիկ կ՛ընէ մեզի եւ ամէն բանէ տեղեակ է։ Տէրը մեր կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին միշտ մեր մօտն է։ Տէրը մեր դաշնակիցն է. Անոր հանդէպ մեր հաւատքը մեր զօրքն է եւ աղօթքը հաւատքի արտայատութիւն է։
''Սորվինք Աւետարանի այրի կնոջմէ աղօթել` մշտատեւ եւ անխոնջ կերպով, որպէսզի Աստուծոյ օգնութեամբ կարենանք բարիքով յաղթահարել չարին'' - ըսաւ Նորին սրբութիւնը խորհրդածոպւթիւնը եզրափակելով ու ապա արտասանելէ ետք
Մարեմեան աղօթքը ողջոյնի խօսք մը ուղղեց հրապարակը գտնուող ուխտաւորներուն որուն մէջ վերյիշեց ''միսիոնարական համաշխարհային օրը'' հաստատելով թէ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է Յիսուսի վառած հաւատքի կանթեղը տանիլ ամենուրէք` հաւատք Աստուծոյ հանդէպ որ է Սէր եւ Ողորմութիւն։
Սրբազան Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք նեցուկ կը կանգնին ''միսիոնարական'' կեանքի նուիրուողներուն ու վերյիշեց իտալացի ''Աֆրա Մարդինելլին'' որ տարիներ ամբողջ Նիճէրիոյ հիւանդանոցներուն մէջ ծառայած էր եւ մի քանի օրեր առաջ սպաննուեցաւ։ Ան - ըսաւ Սրբազան Հայրը - Աւետարանը հռչակեց իր կենցաղով եւ իր գործունէութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ վերյիշեց Սթէֆանօ Սանտորը, որ Պուտաբեշտի մէջ երէկ երանելի հռչակուեցաւ։ Ապա իր մօտկութիւնը յայտնեց ուժեղ երկրաշարժի զոհ` Փիլիպեան կղզեախումբի բնակչութեան։
Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած երիտասարդներուն, որոնք առաւօտեան մասնակցեցան '' Հաւատքի ու արշաւի 100 մեթր'' խորագրով` մարզական հաւաքին։ Ան ապա ջամբելով իր առաքելական օրհնութիւնը հրաժեշտ առաւ ու բոլորին մաղթեց ''Բարի Կիրակի''։








All the contents on this site are copyrighted ©.