2013-10-20 11:43:43

Վատիկանի Նոր Պետական Քարտուղարը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մօտիկութիւնը կը յայտնէ Աւստրալիոյ լայնածաւալ հրդեհներու զոհ բնակչութեան։


Վատիկանի նոր Պետքարտուղար` գերապայծար Փիէրօ Փարոլինը, հեռագիր մը ուղղած է Աւստրալիայի եպիսկոպոսկան համահաւաք դասին, որուն մէջ յայտնած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի մտահոգութիւնն ու մօտիկութիւնը Աւստրալիոյ '' New South Wales'' շրջանի բնակչութեան, որ զոհ են շրջանի մէջ բռնկուած լայնածաւալ հրդեհին, որ անսահման աւերներ ու վնասներ յառաջացուցած է։
Գերապայծառ Փարոլին` իր նամակին մէջ վստահեցուցած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի աղօթքները բոլոր անոնց համար որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին եւ անոնց համար որ վնասներ կրեցին ինչպէս նաեւ բոլոր այն մարդոց որ յանձնառումով կը գործեն հրդեհը սահմանափակելու եւ մարելու եւ անոնց որ կարօտեալներուն օգնութեան կը հասնին։
Գերապայծառ Փարոլինը իր հեռագիրի աւարտած է հայցելով Աստուծոյ բեղուն շնորհքները եւ բոլորին փոխանցելով Սրբազան Քահանայապետի օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.