2013-10-19 12:53:37

''Սուրիական ընդդիմութիւնը յարանուանութեան հիմամբ սպանութիւններ կատարած է ու յարձակած է եկեղեցիներու վրայ''` կը յայտնէ Ռուսիոյ ԱԳՆ-ի բանբեր։


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ Մոսկուա կ՛ողջունէ քիմիական զէնքերու կանխարգիլման համաձայնութեան Սուրիոյ միացումը, սակայն ցաւ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ սպանութեանց կշռոյթը չէ դանդաղած, հակառակ անոր, որ Սուրիոյ բանակը յաջողած է ընդդիմութեան զինեալները Դամասկոսի հարաւէն հեռացնել:Այս մասին կը յայտնէ “Ռոյթըրզ”-ը։
Լուքաշեւիչ նշեց, որ սուրիական ընդդիմութեան զինեալներուն կողմէն «յարանուանութեան հիմամբ սպանութիւններ կը գործադրուին եւ եկեղեցիներ յարձակումներու կ՛ենթարկուին»:







All the contents on this site are copyrighted ©.