2013-10-19 11:12:44

Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի նախագահները կրնան նոյեմբերին հանդիպիլ


ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը իր տեղեկութիւնները դիւանագիտական աղբիւրներէ քաղելով՝ կը հաղորդէ, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները տարածաշրջան պիտի այցելեն Նոյեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին:
Այցելութիւնը պիտի սկսի Պաքուէն, ուր համանախագահները հանդիպումներ պիտի ունենան Ատրպէյճանի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ, ապա անոնք Երեւան պիտի մեկնին:
«Միջնորդները մտադիր են նախագահներուն առաջարկել եր-կողմանի հանդիպում մը իրականացնել: Ամէն ինչ կախուած է կողմերու պատասխանէն: Եթէ համաձայնութիւն գոյանայ, ապա Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն միջեւ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ Նոյեմբերի վերջերուն», հաղորդած են դիւանագիտական աղբիւրները







All the contents on this site are copyrighted ©.