2013-10-18 09:35:02

Հաւատքին քաջութիւնը


Միշտ կը լսենք, թէ քաջասրտութիւնը, արիութիւնը, մէկ խօսքով դիւցազներգութիւնը, ինչպէս սովոր են կոչել հին յունական, հռովմէական կամ հայ հեթանոսութեան, բայց ոչ թէ քրիստոնէութեան հոգիին եւ տրամադրութեան կը պատկանին: Ստոյգ է, բաւական թիւով երկչոտ, վախկոտ, եւ նոյնիսկ վատ քրիստոնեաներ կան: Երբեմն այնպէս կը թուի, որ անոնց բոլոր ներքին բարեպաշտութիւնը` վատութեան մէկ տեսակն ըլլայ: Սակայն այսպիսի բարեպաշտութիւն մը արդեօք իրական քրիստոնէութիւն մըն է, քրիստոնէութիւն մը` Քրիստոսի սրտին համապատաասխան:
Ո՛չ, որովհետեւ այս սրտին մէջ վատութիւնը տեղ չունի: Թէեւ Քրիստոս ըսաւ. « Ինձմէ սորվեցէք, զի հեզ եմ եւ խոնարհ սրտով»: Բայց այս` այն տկար հեզութիւնը չէր, որ ինքնին ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ վատասրտութիւն: «Որդի Դաւթի», թագաւորական զարմէ սերած, արքայական դիւցազներու շառաւիղը, ինքն ալ հսկայ դիւցազն մըն էր, իր զօրութեան գիտակից մենամարտող մը: Ինքն անոնցմէ չէր, որ իրենց գործը «առանձնութեան անկիւնը» նստած, գաղտնի խռովութիւններով եւ գրգռութիւններով գլուխ հանել կ՛ուզէր: Այլ տակարին եւ ժովովարանին մէջ յայտնապէս կ՛ուսուցանէր: Ինչպէս նաեւ իրեն բեմ եւ ամպիոն ընտրած էր լերան բարձրունքը, իր բարեկամներուն եւ թշնամիներուն` բոլորին` դիւրաւ տեսանելի: Ան այնպէս կը խօսէր, ինչպէս այն` որ իշխանութիւն ունի: Ներկայացաւ հրեայ ժողովուրդին եւ անոնց սխալները, կամակով մեկնութիւններն եւ ըմբռնումներն իրենց երեսին զարկաւ: Քրիստոս չլռեց. իր միշտ կրկնուող «վայ»երը իր հակառակորդներուն վրայ, կայծակի եւ որոտումի նման կ՛իջնէին եւ երբ զինք բռնել կ՛ուզէին, անոնց մէջէն աներկիւղ անցաւ գնաց: Այս է իսկական հաւատքը. հեռոսութիւն մըն է: Երբ ան ձիթենեաց պարտէզը, իր թշնամիները կը դիմաւորէ ըսելով. « Ի՞նչ կը փնտրէք, ես եմ»:
Քրիստոնէութեան երակներուն մէջ քաջերուն եւ դիւցազներուն արիւնը կ՛եռայ: Այս քրիստոնեայ դիւցազներու արիութիւնը` պատահական կամ արուեստական կերպով ստացուած բան մը չէ: Արիութիւնը եւ քաջասրտութիւնը քրիստոնէութեան էութեան եւ հոգիին հակառակ կամ օտար բան մը չէ, այլ` ինքնին կը ծնանի հարազատ եւ իսկական քրիստոնէութենէն: Հարազատ քրիստոնէութիւնը` հաւատք, յոյս եւ անշահախնդիր սէր է: Նաեւ իրական քաջութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հաւատք: Հաւատք լաւ բանի մը, հաւատք` արդար եւ ամենահզօր Աստուծոյ մը: Քաջութիւնը` յոյս է եւ վստահութիւն, որ զուր տեղ չենք պայքարիր, չենք զոհաբերուիր: Քաջութիւնը` ամէնէն աւելի անշահասիրութիւն է, նուիրում եւ անձնանուիրում իր անձնական եսին եւ անձին, ստացուածքին եւ կեանքին` գերագոյն իրի մը համար: Ով որ պատրաստ է ուրեմն ամէն գնով, արիութեամբ, քաջութեամբ եւ անձնազոհողութեամբ իր նպատակին հասնելու` այնպիսին դուցազ մըն է:
Քաջութիւնը` աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող ամէնամեծ բանին Սիրոյ մէկ ուժեղ ձեւն է: Ան կը բուժէ մարդու «Ես»ին կարծրութիւնը, կը լուծէ «Ես»ը, անոր մոռցնել կու տայ իր մանր բաղձանքները եւ իրաւունքները: Ուրիշ բան մը, ուրիշ մէկը եւ ամէնէն վերջ` Աստուած իր «Ես»էն աւելի սիրել կու տայ: Քաջասրտութիւնը ուրեմն` մաս մը քրիստոնէութիւն է: Եւ Քրիստոնէութիւնը քաջասրտութիւն է:







All the contents on this site are copyrighted ©.