2013-10-18 10:20:53

Հայկ Դեմոյեանի գիրքի շնորհանդէսը ՀՀ ԱԳ նախարարութենէն ներս


Հոկտեմբերի 17-ին ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութենէն ներս տեղի ունեցաւ հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի “Թուրքիայի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը”
գիրքի շնորհանդէսը, որուն ներկայ էին Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, գիտական եւ փորձագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ: Այս մասին կը յայտնէ ԱԳՆ-ի մամլոյ ծառայութիւնը։
Շնորհանդէսին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ԱԳ նախարար Էդուարդ նալպանտեան: Գիրքի հրատարակման առիթով շնորհաւորելով հեղինակը` նախարարը ըսաւ. “Հետաքրքրութեամբ եմ կարդացել կարեւոր գիտական արժէք
ունեցող այս մենագրութիւնը եւ վստահ եմ, որ այն արժանի է ուշադրութեան ոչ միայն պատմաբանների, փորձագէտների, դիւանագէտների, բոլոր այն հետազօտողների, որոնք հետաքրքրւում են մեր տարածաշրջանով, այլեւ առաւել
լայն շրջանակի ընթերցողների համար”,- նշեց նախարար Նալպանտեան:
Իր խօսքի մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարութեան գիրքի շնորհանդէսի կազմակերպման համար, Հայկ Դեմոյեան ըսաւ, որ այս գիրքը ամփոփումն է տասնհինգ տարուան իր գիտահետազօտական աշխտանքին, ուր
ներկայացուած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը ղարաբաղեան հիմնախնդիրի հանդէպ` անոր ծագումէն մինչեւ մեր օրերը: Ան շեշտեց, որ սոյն աշխատութեան մէջ առաջին անգամ շրջանառութեան մէջ կը դրուին մինչ օրս անյայտ պատմական, արխիւային վաւերագրեր եւ փաստաթուղթեր, որոնք լոյս կը սփռեն այս խնդիրի շուրջ:
“Բերուած ընդարձակ նիւթի վրայ աշխատութիւնում հիմնաւորւում է, որ թուրքիան հանդէս գալով Ադրբեջանի կողմից լրջօրէն նպաստեց հիմնախնդրի թէժացմանը, եւ շարունակում է բացասաբար ազդել կարգաւորման գործընթացի
վրայ”, – ընդգծեց Հայկ Դեմոյեան:
Գիրքի գիտական արժէքներուն մասին խօսեցան պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսր, ԳԱԱ թղթակից անդամ Նիկոլայ Յովհաննիսեան եւ ԱԳՆ սահմանակից երկիրներու վարչութեան պետ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսր Արսէն Աւագեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.