2013-10-18 10:17:58

Հայաստան–ՆԱԹՕ յարաբերութիւններու քննարկում


Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան 17 Հոկտեմբերին ընդունած է Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմզ Ափաթուրայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստան-ՆԱԹՕ երկկողմանի համագործակցութեան ներկայ հանգրուանն ու ապագայ հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-ՆԱԹՕ Անհատական գործընկերութեան գործողութեան ծրագիրի կատարման ընթացքին վերաբերող հարցեր:







All the contents on this site are copyrighted ©.