Երուսաղէմի Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեան Պիտի Քարոզէ Պըրպենքի Մէջ
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Հոկտեմբեր
20ին, առաւօտեան ժամը 10:30էն սկսեալ, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդաց Մայր տաճառին մէջ
արարողութեանց պիտի հանդիսապետէ ու քարոզէ հիւրաբար Արեւմտեան թեմ գտնուող Երուսաղէմի
հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը: Պատարագի աւարտին, պատրիարք Նուրհան արք.
Մանուկեանն ու առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը պիտի կատարեն օծումը այն խաչքարին, որ
նուիրուած է Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի սանուց միութեան եւ երուսաղէմահայերու
կողմէ՝ ի յիշատակ Երուսաղէմի Եղիշէ պատրիարք Դուրեանի: Նաեւ, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի
կատարուի Թորգոմ պատրիարք Մանուկեանի վախճանման առաջին տարելիցին առիթով: