2013-10-17 14:35:56

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Պաղեստինի Հանրապետութեան նախագահ` Մահմուտ Ապպասը։


Հինգշաբթի, 17 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` Պաղեստինի Հանրապետութեան Նախագահ` Տիար Մահմուտ Ապպասը ու անոր ընկերացող շքախումբը, ապա յաջորդաբար ընդունեց` Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, Մեքսիքոյի Կուատալաեարայի Արքեպիսկոպոսը` Կարտիալ Ֆրանսիս Օրդէկան եւ գերմանիոյ Ֆրիպուրկ Իմ Պրիզկաու թեմի Արքեպիսկոպոսը` գերապայծառ Ռոպէրդ Զոլլիդշը։
Սրբազան Քահանայապետի եւ Պաղեստինի Հանրապետութեան նախագահի միջեւ կայացած հանդիպման ընթացքին զրոյցը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի կացութեան մասին ու յատկապէս Իսրայել - Պաղեստին բանակցութիւններու վերարծարծումին, մաղթանք յայտնելով որ այդ բանակցութիւնները յանգին արդար լուծումի որ վերջ դնէ հակամարտութիւններուն եւ միջազգային հասարակութեան օժանդակութեամբ խաղաղութիւն հաստատուի։
Կողմերը ապա մտահոգութիւն յայտնեցին Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ, յոյս յայտնելով որ դաժանութեան եւ բռնութեան տեղ երկխօսութիւնն ու հաշտութիւնը հաստատուին։ Զրոյցի ընթացքին մատնանշուեցաւ նաեւ երկու պետութիւններու միջեւ կայացած փոխյարաբերութիւններուն, յատկապէս ակնարկելով Պաղեստինի մէջ գործող Եկեղեցիներու կեանքին ու Սուրբ Երկրի ու Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող քրիստոնեայ հասարակութեան իրավիճակի մասին ինչպէս նաեւ անոնց, հասարակաց բարիքի ի նպաստ տուած օժանդակութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.