2013-10-17 11:40:03

Մեսրոպեան վարժարանի մարզամշակութային խումբերու պատասխանատուներու անդրանիկ ժողովը


Երեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մարզամշակութային խումբերու պատասխանատուներու անդրանիկ ժողովը: Այս տարեշրջանին պիտի գործեն հետեւեալ խումբերը` պարախումբ (փոքրեր` օրդ. Սարին Պողչալեան, մեծեր` տիկին Սարին Արթինեան), թատերախումբ (պրն.Վազգէն Մուղալեան), երգչախումբ (պրն. Մանուէլ Քէշիշեան), նուագախումբ (պրն.Կարօ Աւեսեան) աշուղական (տիկին Գարմէն Աճէմեան), գեղանկարչութիւն (պրն.Գէորգ Ուլաշեան), ասմունք (պրն.Վազգէն Մուղալեան), դաշնամուր (օրդ.Բալիկ Խտրլարեան), տուտուկ (պրն.Յակոբ Գելուկեան), Dance de salon (օրդ.Սարին Պողչալեան), տհոլ (պրն.Գէորգ Քէօշկէրեան), ֆութպոլ եւ պասքէթ (պրն.Գօգօ Մեսճեան), քոնկ Ֆու (պրն.Ստեփան Ապաճեան), ճատրակ (պրն.Էլի Հուլիշեան), բինկ բոնկ (պրն.Մայք Պոյաճեան) եւ փուչիկներով ձեռայինի պատրաստութիւն (օրդ.Մեղրի Պալճեան):
Ժողովին առաջին խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն.Կրէկուար Գալուստ, որ շեշտեց, թէ անցնող տարուան դրական եւ յաջող փորձառութենէն ետք, այս տարեշրջանին խումբերուն թիւը աւելցած է եւ աշխատանքներու ծիրերը ընդարձակուած են: Մեսրոպեանի տնօրէնը ըսաւ, որ աշակերտներու կազմաւորման մէջ մշակոյթն ու մարզանքը ունին իրենց յատուկ կարեւորութիւնը եւ այս շրջագիծին մէջ մարզամշակութային խումբերուն դերակատարութիւնը մեծ է: Պրն. Գալուստ յոյս յայտնեց, որ վարժարանի 75-ամեակի նախաձեռնութիւններուն մէջ Մեսրոպեան վարժարանին խումբերը կþունենան իրենց որակաւոր ներդրումը:
Իր կարգին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի արտադասարանային աշխատանքներու եւ մարզամշակութային խումբերու ընդհանուր պատասխանատու պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ ներկայացուց խումբերու աշխատանքներուն ընթացքն ու ձեւերը: Պրն. Տէմիրճեան նշեց, որ իւրաքանչիւր խումբ պէտք է գործէ համապատասխան ծրագիրով, որպէսզի գործունէութիւնը ըլլայ նպատակասլաց եւ արդիւնաւոր:
Յայտնենք, որ արտադասարանային 17 խումբերը (իրենց ենթաբաժանումներով) պիտի սկսին իրենց աշխատանքներուն Շաբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2013-ին:







All the contents on this site are copyrighted ©.