2013-10-17 10:30:15

Հաւատք եւ աւետարանացում


Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի՝
Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդին ՜՜Հովուական Թուղթը՝՝։

Հաւատք եւ Աւետարանացում
Արհիապատիւ արքեպիսկոպոսը իր հովուական թուղթին մէջ ուղղուած՝ հոգեւորական դասին՝ Ծայրագոյն վարդապետներու, Վարդապետներու, Քահանաներու, Սարկաւագներու, Նուիրեալ կեանքի զաւակներու, կրօնաւորական կեանքի նուիրեալ Քոյրերու, եւ Քրիստոսապաշտ հաւատացեալներուն շնորհաւորելով 2013 տարին, որ նուիրուած է Հաւատքի եւ Աւետարանացման, գրած է. ՜՜Պենետիկդոս ԺԶ սրբազան Քահանայապետը 2013 տարին, Հաւատքի նուիրուած տարի հռչակեց. իսկ Աւետարանացման Տարին, դարձեալ Քահանայապետի կողմէ արտասանուած ճառով 2012ի Նոյեմբեր 15ին, Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը ուղղելով միութենական գրասենեակի ընդհանուր հաւաքին, ըսաւ.« ուրախ եմ, որ այս տարուայ ձեր ընդհանուր հաւաքին կեդրոնացած էիք եկեղեցական միութեան իրականացելիք կեանքին վրայ: Ինչպէս նաեւ նկատի առած էիք նոր աւետարանացման կարեւորութիւնը միութենական շարժումին համար: Անտարակոյս Ձեր առաջարկը կատարեալ ներդրում մը կը բերէ Հաւատքի նուիրուած տարիին» (Քահանայապետական ճառ Նոյեմբ.15/2012):
Քահանայապետին այս երկու առիթներուն արտասանած արտայայտութիւնները, (կը կարդանք հովուական թուղթին մէջ) մեզի յոյժ օգտակար են եւ բարոյական պարտականութիւն կը դնեն մեր վրայ, որպէս հովիւ եւ առաջնորդ՝ վերակենդանացնելու մեր մէջ, կղեր եւ հաւատացեալներ, հարազատ քրիստոնէական ինքնութիւնը: Այս սրբազան պահը, մեզ խրախուսելու եւ մեր խիղճը խթանելու առիթ է: Առիթ է հաւատքի վկայութիւնը ապրելու թէ անձնական ներքին կեանքով եւ թէ արտաքին ընկերային բարի օրինակով:Ապրումի այս երկու իրականութիւնները, կը նկատեմ լաւագոյն միջոցները մարմնացնելու ճշմարիտ հաւատքը. Քրիստոսի հանդէպ եւ անոր սուրբ անունի աւետարանացումով, ստանալ երկնային պարգեւները:
Հովուական թուղթս (գրած է Արհի. Արքեպիսկոպոսը) թող չնկատուի, որպէս գրական, հոգեւոր կամ Ս. Գրային աշխատասիրութիւն մը, որ կարող է մնալ անպտուղ՝ իմաստազուրկ եւ դատարկ ցուցամոլութիւն: Այլ իւրայատուկ առիթ մը, մեզմէ ամէն մէկուն համար խորասուզուելու մեր ներաշխարհին մէջ, քննելու, ուղղելու եւ զարգացնելու մեր հոգեւոր գիտութիւնը, մօտենալով Աստուծոյ, հաւատալով փրկչագործական պատգամին եւ օգտուելով անոր երկնային անհուն բարիքներէն: Թող այս տողերը նկատուին որպէս առիթ, աստուծոյ յայտնելու մեր որդիական երախտագիտութիւնը: Առիթ՝ արժեւորելու Հաւատքի շնորհքը Յարուցեալ Քրիստոսին մէջ: Հովուական թուղթս ուղղուած է մեզ բոլորիս՝ կղեր եւ աշխարհական դաս, նպատակ ունենալով ընդհանրական Եկեղեցւոյ հետ միասին ընդառաջելու 2013ի հրաւէրին որ մեզ կը կանչէ խիղճի ու հոգիի վերանորոգութեան, եւ մեր քրիստոնէական հաւատքի ապրումին եւ վկայութեան:
Քրիստոսի Եկեղեցին, ինչպէս որ դարերու ընթացքին տրամադրած է ընտրեալ ժողովուրդին առիթներ, հոգեւորապէս յառաջդիմելու նպատակով, նոյնպէս ալ այս տարին՝ (2013ին) կը տրամադրէ մեզի Հաւատքի նուիրուած ժամանակ մը, վերատեսնելու մեր քրիստոնէական ապրումին իրավիճակը, ընդունելու մեր տկարութիւնները, զանոնք սրբագրելով եւ ճշմարիտ հաւատքին վերադառնալով:
Ս. Գրքի՝ Երեմիա Մարգարէի խօսքերը կարդալով «Ան, ընտրեց իրեն սեպհական ժողովուրդը…իրենց պիտի ըլլամ Աստուած եւ իրենք ինծի պիտի ըլլան իմ ժողովուրդը մեծ եւ պզտիկ զիս պիտի ճանչնան, կ’ըսէ Տէրը» (Երեմ. 31,31-34), մեզ հարցի դիմաց կը դնէ, Աստուծոյ ընտրուած զաւակները ըլլալով, Արդեօ՞ք մենք մեզ իրապէ՞ս Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը կը նկատենք: Ընդհարական եկեղեցին այսօր, մեզի այս առիթը կը շնորհէ, գիտակցելու մեր յատուկ կոչումին, ինչպէս նաեւ կը քաջալերէ մեզ եւ կ’առաջնորդէ, որ անդրադառնանք ու Առաջնակարգ պարտականութիւն համարենք 2013ը, պատասխանելու էական այս հարցումին: Մեր պատասխանը պիտի դառնայ ուղեցոյցը մեր հաւատքի վկայութեան ու քարոզութեան կեանքին:
Հետեւաբար այս պարտականութիւնը, կը դնեմ նախ եւ առաջ իմ վրաս եւ ապա կղերիս, որ յատուկ շնորհքով կը վայելէ ձեռնադրութեան եւ օծումի պարգեւը: Այո, անտարակոյս կարելի չէ մոռնալ մեր կղերական յատուկ կոչումը, որով Քրիստոս մեզ կանչեց ու մատակարար կարգեց իր հիմնած Սուրբ Եկեղեցիին:








All the contents on this site are copyrighted ©.