2013-10-17 09:45:34

Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը կրկին ռմբակոծութեան ենթարկուած է


Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը Հոկտեմբեր 15-ի երեկոյեան կրկին հրասանդի հարուածներու ենթարկուած է: Այս մասին՝ ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ տեղեկացուցած է Դամասկոս բնակող Նազարէթ Էլմաճեանը: Ըստ անոր առաջնորդարանի շէնքը նիւթական վնասներ կրած է: Բարեբախտաբար, մարդկային վնասներ չկան:
Էլմաճեան նաեւ նշած է, որ Հոկտեմբեր 15-ին Դամասկոսի գրեթէ բոլոր թաղամասերու ուղղութեամբ հրասանդներ ինկած են: «Միայն Ճարամանայի վրայ մօտ 30 հրասանդ ինկած է, բայց կարծես աստուածային հրաշք ըլլար, ոչ մէկ բնակիչ տուժած է»,- նշած է Էլմաճեան:
Ինչպէս յայտնի է, Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը ռմբակոծութեան ենթարկուած էր նաեւ Սեպտեմբեր 17-ին: Շինութեան երկրորդ յարկը նիւթական վնասներ կրած էր, բացի ատկէ, վնասուած էին մերձակայ «Լոյս» եւ «Փարոս» վարժարանները: Բարեբախտաբար այն ժամանակ նոյնպէս մարդկային վնասներ չէին եղած:







All the contents on this site are copyrighted ©.