2013-10-16 12:06:40

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Եկեղեցին Առաքելական Է''


Չորեքշաբթի 16 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախամբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։
Շարունակելով Հաւատամքի մասին իր խորհրդածութիւնները, Նորին Սրբութիւնը այսօր խօսքը կեդրոնացուց ''Հաւատամք ի մի միայն ընդհանրական եւ յառաքելական սուրբ Եկեղեցի'' հատուածին վրայ, յատուկէն անդրադառնալով ''առաքելական բառին'' եւ ընդգծելով թէ ''Եկեղեցին առաքելական է'' դաւանիլը կը նշանակէ մտանանշել առաքեալներուն հետ` ունեցած անոր խոր կապին` այն փոքր խումբին որ Յիսուս օր մը իրեն կանչեց, ամէն մէկը իր անունով, որպէսզի իր հետ մնան ու ապա շարունակեն իր գործը։ Առաքեալ բառը յունարէնով կը նշանակէ ''ղրկուած'' - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ու մեկնելով այս բառէն անդրադարձաւ անոր երեք յատկութիւններուն.

Եկեղեցին առաքելական է որովհետեւ հիմնուած է առաքեալներու քարոզութեան եւ Յիսուսի` անոնց տուած իշխանութեան վրայ։ Մեր հաւատքը, Եկեղեցին զոր Յիսուս ուզեց չի հիմնուիր գաղափարի մը վրայ կամ փիլիոփայութեան մը վրայ այլ ինքնին Քրիստոսի վրայ, եւ Եկեղեցին բոյսի մը նման դարերու հոլովոյթին ծաղկեցաւ, զարգացաւ եւ պտուղներ տուաւ սակայն ան արմատացած է Անոր մէջ` եւ առաքեալներու` Քրիստոսի հետ ունեցած հիմնական փորձառութիւնը հասած է մինչեւ մեր օրերը։

Եկեղեցին առաքելական է որովհետեւ կը պահպանէ եւ կը փոխանցէ, Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ, առաքեալներու ունկնդրած ուսուցումը, աւանդն ու հոգեպարար խօսքերը։ Ան կը պահպանէ Սուրբ Գիրքը, վարդապետութիւնը, խորհուրդները եւ հովիւներու առաքելութիւնը, որպէսզի մենք կարենանք հաւատարիմ մնալ Քրիստոսի եւ մասնակցիլ Անոր կեանքին։

Եկեղեցին առաքելական է որովհետեւ Ան ղրկուած է Աւետարանը քարոզելու համայն աշխարհին։ Պատմութեան հոլովոյթին Եկեղեցին կը շարունակէ Յիսուսի՝ առաքեալներուն վստահուած առաքելութիւնը ''Գացէք ուրեմն, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը եւ մկրտեցէք զանոնք, յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։ Սորվեցուցէք անոնց պահել ինչ որ ես պատուիրեցի ձեցի եւ ես ահաւասիկ ձեզի հետ եմ ամէն օր` մինչեւ աշխարհի կատարածը'' (Մատթ. 28, 19-20)։ Քրիստոս հրաւիրեց ամէնքը ''երթալու'' ուրիշի հետ հանդիպելու։ Ան մեզ կը ղրկէ Աւետարանի ուրախութիւնը տանելու ամենուրէք։ Եկեղեցւոյ արմատները կը գտնուին առաքեալներու ուսուցումին մէջ, որոնք Քրիստոսի իսկական վկաներն են, թէեւ Եկեղեցին կը նայի դէպի ապագայ։ Եկեղեցի մը որ իքնրիմէջ եւ անցեալի մէջ փակուած է, իր ինքնութիւնը կը դաւաճանէ։ Վերագտնենք ուրեմն Եկեղեցւոյ առաքելականութեան գեղեցկութիւնն ու պատասխանատուութիւնը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ճառը աւարտելով ու ապա զանազան լեզուներով ոջունեց հարապարակը գտնուող հաւատացեալները յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն զանոնք հրաւիրելով սիրել` ինչպէս Յիսուսը սիրեց, խաչի տառապանքը տանիլ հաբերութեամբ եւ ընտանեկան կեանքը հիմնել հաւատարմութեան եւ նուիրումի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.