2013-10-16 12:10:08

Վատիկանի ''CTV'' հեռուստատեսիլի կայանը 30 տարեկան


Վատիկանի ''CTV'' կոչուած հեռուստակայանի կեդրոնը, կ՛ամբողջացնէ 30 տարուայ իր գործունէութիւնը։
Այս առթիւ յառաջիկայ 18 հոկտեմբերին Հռոմի ''միջազգային լրատուութեան'' կեդրոնին մէջ նախատեսուած է գիտաժողով մը որուն բնաբանն է ''Վատիկանի Հեռուստակայանի կեդրոնի 30 տարիները. Հեռուստակայանը որ Սրբազան Քահանայապետը կը ծանօթացնէ աշխարհին''։
Գիտաժողովը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան ժամը 10-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի եւ Իտալիոյ Նախագահ Ճորճօ Նափոլիդանոյի ուղղած պատգամներու ընթերցումով որմէ ետք նախատեսուած են հեռուստատեսիլի աշխարհի բարձրաստճան անձնաւորութիւններու զեկուցումներն ու միջամտութիւններ ինչպէս նաեւ ''CTV-ի ''թուային'' արխիւի ներկայացումը։
Վատիկանի Հեռուստակայանը հիմնուած է Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ 1983 թուականին, որպէս կէտնպատակ ունենալով ''Աւետարանի տիեզերական քարոզութիւնը, պատկերասփռելով Քահանայապետի հովուական առաքելութեան գործունէութիւնները''
Վատիկանի Ռատիոկայանի 50 -րդ յոբելեանի նշումի օրերն էին - կը յիշէ Կարտինալ Սդանզլաւ Ճիվիչ` ՅՊԲ-ի երբեմնի քարտուղար եւ Գրագովիայի Արքեպիսկոպոս - երբ Քահանայապետը (ՅՊԲ) որ ընկերային հաղորդամիջոցներու եւ աշխարհի հանդէպ բաց տեսութիւն մը ունէր, մտածեց թէ Ռատիոն այլեւս բաւարար չէր եւ թէ մարդիկը ''պատկեր'' տեսնելու կարիքն ալ ունէին ու այսպէսով որոշեց հիմնել ''հեռուստակայնի կեդրոնը''։
Հաղոդամիջոցներու Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ` գերապածառ Գլաուտիօ Մարիա Չելլի կը մատնանշէ թէ ինչպէս ներկայ քահանայապետը հրաւիր կ՛ուղղէ ''հանդիպումի մշակոյթի'' ` մօտիկ ըլլալու համար ամէն մարդու որուն կը հանդիպինք մեր կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին։ Այս հեռանկարի ուղղութեամբ CTV-ն ունի կարեւոր դեր մը ու մարտահրաւէր մը - յայտնած է Չելլի գերապայծառը։
CTV տնօրէն` գերապայծառ Տարիօ Վիկանօն ընդգծած է թէ ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է ազգային եւ միջազգային ցանցերու մէջ եւ այս ուղղութեամբ է որ CTV-ն կ՛աշխատի արդիական աշխարհին քայլերուն հետեւիլ եւ ''ցանցի ու թուային'' աշխարհի ներմուծուած նորութիւնները օգտագործել։








All the contents on this site are copyrighted ©.