2013-10-16 12:18:36

Սննդառութեան Համաշխարհային Օր։


Չորեքշաբթի 16 հոկտեմբերին կը նշուի ՖԱՕ-ի Սննդառութեան Համաշխարհային օրը որուն այս տարուայ բնաբանն է. ''առողջ մարդիկը կախում ունին սննդական առողջ համակարգերէ''։ Յայտնենք որ սննդառութեան համաշխարհային օրը սկիզբ առած է 1945-ին, եւ կը նշուի ամէն տարի, յշատակելու համար Ֆաօ-ի հիմնադրութեան տարեդարձը։
Չորեքշաբթի 16 հոկտեմբերի առաւօտեան, Ֆաօ-ի Հռոմի մէջ գտնուող կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Սննդառութեան Համաշխարհային օրուայ հանդիսաւոր բացումը որուն ընթացքին` գերապայծառ Լուիճի Դրավալյինոն կարդաց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի այս առթիւ ուղղած պատգամը։ Յետ միջօրէին տեղի կ՛ունենայ գիտաժողով մը ''սնունդի մսխումի'' մասին որուն կը մասնակցին քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւննեու ներկայացուցիչներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.