2013-10-16 12:13:12

''Կոստանդինեան տարուայ'' ծիրէն ներս, իմաստասիրական եւ աստուածաբանական համագումար


16-18 հոկտեմբեր, Իտալիոյ Միլանօ քաղաքի Կաթողիկէ եւ կառավարական համալսարաններուն մէջ, Կոստանդինեան Տարուայ ծիրէն ներս, տեղի կ՛ունենայ իմաստասիրական եւ աստուածաբանական համագումար մը որուն բնաբանն է ''Կրօնք, ազատութիւն եւ իշխանութիւն''։

Վերոյիշեալ ձեռնարկին նախատեսուած են զանազան հանդիպումներ որոնց շարքին`

Չորեքշաբթի, յետմիջօրէի ժամը 18.00 ին , Կաթողիկէ ''Սիրտ Յիսուսի'' համալսառանին մէջ, ''կրօնի ազատութիւնը այսօր՝՝ բնաբանով հանդիպում մը նախագահութեամբ Կարտինալ Ժան Լուի Թոռանին` նախագահը Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդին։ Վերոյիշեալ հանդիպումը կը ներկայացնէ Միլանոյի Արքեպիսկոպոսը կարտինալ Անճէլօ Սգօլան։

Հինգշաբթի, 17 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 09.30ին Միլանոյի համալսարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ ՙՙՙՙ''Կրօնք եւ հանրային հաստատութիւններ՚'' նիթին շուրջ հանդիպում մը նախագահութեամբ եւ մասնակցութեամբ Ռաբունապետ Ժուզէբբէ Լարասի՝ Իտալիոյ Ռաբունապետական Ժողովի երբեմնի նախագահ։ Մինչ յետմիջօրէին ժամը 2.30 էն մինչեւ երեկոյեան` 06.00, Միլանոյի համալսարանի մէջ տեղի կ՝ունենայ ՙ ՙ''Կրօնքի ազատութիւն եւ քաղաքացիական մշակոյթ'' նիւթին մասին հանդիպում մը։

Իսկ ուրբաթ, 18 հոկտեմբերին ''Սիրտ Յիսուսի'' համալսարանին մէջ, նախատեսուած է ''Քրիստոնէութիւն եւ հաւատալու ազատութիւն'' նիւթով հանդիպում մը ։

Վերոյիշեալ համագումարը կ՝եզրափակէ գերապայծառ Լուքա Պրէսանը` Միլանօյի թեմի, մշակոյթի, միսիոնարական եւ ընկերային գործունէութեան յանձնախումբի նախագահ` տեղապահ Եպիսկոպոսը։







All the contents on this site are copyrighted ©.