2013-10-16 12:06:55

Արցախի նախագահը հանդիպում ունեցած Է Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն հետ


Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 15 Հոկտեմբերին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցած է խորհրդարանական Եւրամիութիւն-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Էլենի Թէոխարուսի եւ խումբ մը պատգամաւորներու հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Եւրոպական կառոյցներ-Արցախ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է խորհրդարանական կապերու զարգացման:
Նախագահ Սահակեան շատ կարեւոր նկատած է Եւրոպայի հետ կապերու շարունակական ամրապնդումը, որովհետեւ այս մէկը հիմնական է քաղաքական, մշակութային եւ մարդասիրական տեսանկիւններէ:
Հանդիպումին կը մասնակցէին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը, արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը, պաշտօնատար այլ անձեր:







All the contents on this site are copyrighted ©.