2013-10-15 11:48:35

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը զգուշացնէ հեռու մնալ կռապաշտութենէն եւ կեղծաւորութենէն։


Երեքշաբթի 15 հոկտեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանդա մարդայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ զոհի ընթացքին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց թէ '' կռապաշտութիւնն ու կեղծաւորութիւնը չեն խնայեր նոյնիսկ քրիստոնէական կեանքը'', զգուշացնելով այս երկու մոլութիւններէն հեռու մնալ։ Ան ապա աւելցուց ''մեղքի վտանգէն փախչելու համար հարկ է ի գործ դնել Աստուծոյ եւ մերձաւորի հանդէպ սիրոյ պատուիրանները''։
Այսօր եւս կան շատ մը կուռքեր եւ շատ մը կռապաշտներ - ըսաւ Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ - շատեր իրենք զիրենք իմաստուն կը համարեն։ Նոյնիսկ մեր մէջ, քրիստնեաներուս մէջ։
Յիսուս կը թելադրէ արտաքին երեւոյթներուն չի նայիլ եւ երթալ ուղղակիօրէն ճշմարտութեան։
Պնակը պարզ պնակ կը մնայ սակայն անոր մէջ գտնուող կերակուրն է կարեւորը։ Եթէ դուն ինքնահաւան ես, եթէ ասպարէզի կը ձգտիս, եթէ փառասէր ես եւ իքնզինքդ կատարեալ կը համարես, քիչ մը ողորմութիւն ըրէ որպէսզի կեղծաւորութենէն բուժուիս - ըսաւ Քահանայապետը քարոզի աւարտին ու ապա մատնանշեց թէ ''այս է Տիրոջ ճանապարհը` պաշտել զԱստուած, սիրել զԱստուած ամէն բանէ վեր ու սիրել նաեւ մեր ընկերը։ Դիւրին եւ միեւնոյն ժամանակ դժուար իրողութիւն մը` որ միայն շնորհքով կարելի է իրագործել։ Խնդրենք ուրեմն Աստուծոյ շնորհքը։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.