Միացեալ Նահանգներու պիւտճէական անելին հետեւանքով համաշխարհային տնտեսական աղէտին մնացած
է միայն չորս օր
Միջազգային դրամատան ղեկավար Ճիմ Էն Քիմ յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները միայն չորս
օր ունին` պարտքերը չկարենալ վճարելու կարելիութեան համար: Ըստ անոր, պետական պարտքի
առաւելագոյն չափը աւելցնելու խնդիրի շուրջ համաձայնութիւն չգոյացնելու Ուաշինկթընի քաղաքական
գործիչներու անկարողութիւնը կրնայ համաշխարհային տնտեսական աղէտի յանգեցնել: «Ընդամէնը
չորս օր մեզ կը բաժնէ շատ վտանգաւոր պահէն: Ես ամերիկացի գործիչներուն կոչ կ՛ուղղեմ`
արտակարգ դրութեամբ լուծում գտնելու այս հարցին վերջին ժամկէտէն առաջ: Անգործութիւնը
կրնայ պատճառ դառնալ փոխառութիւններու տոկոսներու յաւելման եւ համաշխարհային շուկաներուն
մէջ վստահութեան անկման ու աճի կշռոյթներու նուազեցման», ըսած է Համաշխարհային դրամատան
ղեկավարը: Ան նշած է, որ եթէ ժամկէտը անտեսուի, ապա ատիկա աղէտալի հետեւանքներ պիտի
ունենայ զարգացող երկիրներու համար եւ հսկայական վնաս պիտի հասցնէ զարգացած երկիրներու
տնտեսութիւններուն: