Երեքշաբթի, 15 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11.30 ին, Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդը,
Հաւատքի Տարուայ ծիրէն ներս, ներկայացուց մարզանքի առնչութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկը
որուն բնաբանն է ''100 մեթր արշաւ եւ Հաւատք'' ։ Վերոյիշեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին
ելոյթ ունեցան Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազի` նախագահը Քահանայապետական Մշակոյթի խորհուրդի
եւ Գերապայծառ Մէլխօր Սանչէս՝ Իտալիոյ մարզանքի կեդրոնի երբեմնի նախագահ։ Յայտնենք
որ ''100 մեթր արշաւ եւ հաւատք'' ձեռնարկին կը մասնակցին, Հռոմի ժողովրդապետութիւններէն
եւ դպրոցներէն 5000 երիտասարդներ ինչպէս նաեւ Մարզական մշակութային լրագրողական աշխարհի
ներկայացուցիչներ։ Այս առթիւ սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ վարած պիտի մնայ ողիմպիական
Ջահը որ կը խորհրդանշէ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութիւնն ու միութիւնը։ Ձեռնարկը
սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան ժամը 8,30-ին եւ վերջ կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի
արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքով։