Թուրքիոյ Ուրֆայի (պատմաան Եդեսիա, որ այժմ թուրքերը Շանլըուրֆա (փառաւոր Ուրֆա) կ’անուանեն)
Կարմուշ գիւղին մէջ գտնուող հայկական պատմական եկեղեցին թուրքերը ախոռի վերածած են: Ըստ
«Արմէնփրես»-ի, որ կը վկայակոչէ թրքական haber.sol.org լրատուական կայքը, եկեղեցին, որուն
տարիքը չի նշուիր, 10 տարի առաջ սփիւռքահայերու ջանքերով վերանորոգուած էր: Տեղական իշխանութիւնները
3 տարի առաջ երեք լեզուներով ցուցանակ փակցուցած էին եկեղեցւոյ վրայ եւ նախատեսած են
զայն բանալ զբօսաշրջիկներու առաջ: Սակայն, ատոր փոխարէն, տեղացիները եկեղեցին սկսած են
օգտագործել խոշոր եղջերաւոր անասուններու համար իբրեւ գոմ: «Կարմուշը առաջ հայկական
գիւղ եղած է: Տեղացիները զայն այժմ կը կոչեն Տաղեթեղի: Գանձ որոնողները այսօր ալ կը շարունակեն
անցքեր փորել եկեղեցւոյ տակ: Թէ ինչպէս եկեղեցին հասած է այսպիսի վիճակի, պէտք է պատասխանեն
թրքաիան իշխանութեան ներկայացուցիչները», -կը գրէ թրքական կայքը: