2013-10-15 10:26:44

Դպրեվանքի 84-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի բացում


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 84-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի տեսչական Ս. պատարագ մատուցուեցաւ, կիրակի, 13 հոկտեմբեր 2013-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, որուն ընթացքին սաներ Ս. հաղորդութիւն ստացան:
Պատարագեց ու քարոզեց դպրեվանքի նորանշանակ տեսուչ` Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեան: Ան քարոզին մէջ` անդրադառնալով Սրբոց Թարգմանչաց սերունդին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մեր եկեղեցւոյ ու ազգի պատմութեան մէջ, Կորիւն Պատմիչէն ներշնչուած, իր խօսքը դպրեվանքի սաներուն ուղղելով` ըսաւ. «Սիրելի՛ սաներ, դուք ժառանգորդներն էք այնպիսի սերունդի մը, որ մարգարէական դասը Մովսէսի գլխաւորութեամբ հայերէնով խօսեցուց, Առաքեալներու բազմիցս երանեալ խումբը Պօղոսի առաջնորդութեամբ հայերէնով խօսեցուց, մէկ խօսքով, այդ սերունդին միջոցաւ մեր Փրկիչն ու Աստուածը հայերէն խօսեցաւ մեզի: Եւ այսօր, դուք կոչուած էք թարգմանիչ մեր սերունդին գործը շարունակելու այսօրուան աշխարհին մէջ, կոչուած էք քարոզիչն ու տարածիչը ըլլալու Աստուծոյ խօսքին: Սակայն կարենալ տալու համար նախ պիտի առնէք` լեցուիք: Տարիները, զորս կ՛անցընէք դպրեվանքի յարկին տակ` լեցուելու, հոգեմտաւորապէս աճելու ու պատրաստուելու տարիներ պիտի ըլլան, որպէսզի ապագային, երբ ծառայութեան ձայնը կանչէ ձեզ, հաստատ քայլերով ուղղուիք` ձեր լուման դնելու համար մեր եկեղեցւոյ ու ազգին գանձանակին մէջ»: Իր քարոզի աւարտին, տեսուչ հայր սուրբը իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ իրեն վստահած է այս ծանր սակայն քաղցր տանելի պաշտօնը, ու խօսքը միաբանակից եղբայրներուն ու հաւատացեալներուն ուղղելով` խնդրեց անոնցմէ, որ աղօթեն իրեն ու տեսչութեան անդամներուն համար, որպէսզի իրենց ուսերուն դրուած պատասխանատուութիւնը լաւագոյնս կարողանան կատարել:
Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին դպրեվանեցիներ` ղեկավարութեամբ դպրեվանքի փոխ տեսուչ` Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի, եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ` Յասմիկ Գասպարեանի:
Երկուշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2013-ին, հովանաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ միաբան հայրերու, ուսուցիչներու, ուսանողներու ներկայութեամբ, Պիքֆայայի մէջ բացումը կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 84-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանին:
Դպրեվանքի սաները գեղարուեստական յայտագիր ներկայացուցին: Յայտագիրը կը ներառէր դպրեվանքի «Սիրտ ի սիրտ» քայլերգը, Թարգմանչաց նուիրուած «Որք զարդարեցին» շարականը, Աւետարանական հատուած մը եւ Ս. Ներսէս Լամբրոնացիէն աղօթք մը եւ «Կիլիկիա»-ն:
Դպրեվանքի տեսուչ` Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեան տեսչական իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ կրկին առիթ տուաւ նոր տարեշրջանի մը բացման հանդիսութիւնը կատարելու, որ պիտի պտղաւորուի ու իր արդիւնքը տայ տարեշրջանի աւարտին:
Ան որդիաբար շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. հայրապետին, որ իր հովուապետական բազում մտահոգութիւններուն մէջ առաջնահերթութիւն կու տայ դպրեվանքին եւ այս տարեշրջանին եւս կը գլխաւորէ ուսուցչական կազմը: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ անդրադառնալով դպրեվանքի ունեցած կարեւոր առաքելութեան` մանաւանդ 21-րդ դարուն, ըսաւ. «Տաթեւացիէն, Շնորհալիէն, Նարեկացիէն, Ներսէս Շինող կաթողիկոսէն, Թարգմանիչ վարդապետներէն, Մեսրոպէն ու Սահակէն եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն ժառանգած քրիստոսաւանդ հաւատքի մշակողն ու սերմանողը, հայ դպրութեան պահպանողն ու խնամողը, մեր հոգեմտաւոր արժէքները ամբարողն ու բաշխող դպրեվանքը, կորովն ու գիտակցութիւնը, հաւատքն ու տեսիլքը ունի այս բոլորը կեանքի վերածելու 21-րդ դարուն»: Ապա խօսելով դպրեվանքի ինքնութեան ու նկարագիրին մասին` երեք կէտեր շեշտեց. «Ա) Դպրեվանքը նկարագիր կերտող դարբնոց է: Բ) Դպրեվանքը հոգեմտաւոր դաստիարակութեան կեդրոն է: Գ) Դպրեվանքը աշխատասիրութեան ու ուսումնատենչութեան օրրան է»: Դպրեվանեցիներուն ուղղելով իր խօսքը` տեսուչ հայր սուրբը ըսաւ. «Անտարբերութիւնը, ծուլութիւնը, թուլութիւնը, հեղգութիւնը մեզի համար ընտրանքներ չեն: Իբրեւ դպրեվանեցիներ մենք պէտք է գիտակցինք, որ մեր ուսումնական այս տարիները աշխատասիրութեամբ ու ժիր ուսումնատենչութեամբ պէտք է լիացնենք եւ յագեցնենք: Աստուածաշունչի իմաստութեան գիրքերէն` Առակաց գիրքի մէջ կը կարդանք. «Ծոյլ ձեռքով բանողը աղքատ կ՛ըլլայ. բայց ժիր մարդոց ձեռքը հարստութիւն կը բերէ» (Առ 10.4), հետեւաբար եթէ մենք աշխատասէր ուսումնատենչութեամբ չապրինք ու չլեցնենք մեր օրերը, ապա մեր միտքն ու հոգին աղքատ կը թողունք` զանոնք համակ խեղճութեան դատապարտելով»:
Ապա, Դրան եպիսկոպոս` Նարեկ արք. Ալեէմէզեան խօսք առնելով, նախ եւ առաջ փոխանցեց Նորին սրբութեան հայրական օրհնութիւնները տեսչական անդամներուն, ուսուցչական կազմին ու դպրեվանքի սաներուն: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ամէն նոր տարեշրջանի բացման հանդիսութիւն, մեր դիմաց յոյսերու ու յոյզերու նոր դուռ մը կը բանայ` վերյիշելով անցեալը, ապրելով ներկան ըստ արժանւոյն եւ հաստատ քայլերով ուղղուելու դէպի ապագայ, դպրեվանքէն ստացած մեր հոգեմտաւոր ու բարոյական արժէքներով զինուած ու գօտեպնդուած»: Խօսելով դպրեվանքի կարեւորութեան մասին` սրբազանը հաստատեց. «Առա՛նց դպրեվանքի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Մեր ժողովուրդը դպրեվանքէն ծով ակնկալիքներ ունի: Եւ մենք, Առաջին Ժառանգաւորացէն մինչեւ Չորրորդ Ընծայարան, պէտք է խոստանանք յուսախաբ չընել զԱստուած եւ մեր ժողովուրդը»: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը հետեւեալ պատգամը ուղղեց սաներուն, որպէս նոր բացուող տարեշրջանի նշանաբան. «Որպէս պատգամ, այսօր աւելի քան երբեք գիրք կարդալու հրամայականը պէտք է շեշտաւորուի ձեր կեանքին մէջ, որ կը սկսի գիրքերու գիրքով` Աստուածաշունչով, կ՛երթայ դէպի հայ մատենագրութիւն ու միջազգային գրականութիւն»:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Նարեկ սրբազանի պահպանիչով:
Յայտնենք, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ Դպրեվանքի համար նոր տեսչութիւն նշանակած է: Այս տարուան տեսչական կազմը ունի հետեւեալ պատկերը. տեսուչ` Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեան: Փոխ-տեսուչ` Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան: Հսկիչներ` Արտակ աբղյ. Արապեան եւ Գարեգին աբղյ. Շխրտըմեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.