2013-10-14 12:55:57

Լիբանանու Մարոնիներու Պատրիարքին գնահատումով Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ-մահմետական քաղաքակրթութիւնը վտանգի մէջ է։


Եւրոպական պատուիրակութիւն մը զօրակցական այցելութիւն կը կատարէ Լիբանան։


Մարոնիներու Պշարա Ռայի Պատրիարքը ընդունելով զօրակցական այցելութեամբ լիբանան ժամանած Եւրոպական պատուիրակութիւն մը ըսաւ. ''մեր այսօրուայ մտահոգութիւնը, բացի մարդասիրական հարկաւոր օգնութիւններէն, այն է որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը վերջ գտնէ եւ փախստականները կարողանան տուն վերադառնալ։ Ձմեռուայ եղանակի մօտեցումով կը գտնուինք մարդկային աղէտի մը առջեւ։ Մէկ ու կէս միլիոն տեղահաններ կը գտնուին զուրկ պատշաճ ապաստանէ մը, առանց դպրոցի, որոնցմէ շատերն ալ հիւանդ վիճակի մէջ են։
Պատրիարքը եւրոպական պատուիրակութենէն խնդրեց որ միջազգային հասարակութիւնը ամէն ջանք թափէ օգնութեան հասնելու այս տառապեալներուն։ Արեւմուտքը որ մինչեւ երէկ կոչ կ'ուղղէր զէնք ղրկելու Սուրիա, պէտք է ձայնը բարձրացնէ եւ պահանջէ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան վերահաստատումը ։ Գիտենք որ կարգ մը երկիրներ պատրասկամութիւն ցոյց տուած են իրենց հողին վրայ, ընդունելու տասը հազար հոգիներ, մենք մեր ձայնը կը բարձրացնենք խստիւ բողոքելու այս կարգադրութեան դէմ։Որովհետեւ այս նախաձեռնութեամբ անոնք արմատախիլ կ'ընեն բնակչութիւնը ու կը քանդեն Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ-մահմետական քաղաքակարդութիւնը, որուն կազմութիւնը արդիւնքն է 13-14 դարերու համակեցութեան։ Արեւմուտքի քաղաքականութիւնը կը մտի Միջին Արեւելքը զրկել այդ քաղաքակրթութենէն ու զայն պահել մշտական պատերազմի մէջ քաղաքական ու տնտեսական պատճառներու համար։
Յայտնենք որ Եւրոպական պատուիրակութիւնը նախ Յորդանան այցելեց եւ ապա Լիբանան։ ֆրանսա չմեկնած կոչ մը ուղղեց ըսելով ''յաչս այս խառնաշփոթութեան, կործանումի եւ անմարդկութեան որուն զոհ են բոլոր սուրիացի համայնքները, ֆրանսական ու միջազգային բարեսիրական բոլոր կազմակերպութիւնները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սուրիոյ ժողովուրդին ուղարկելով զօրակցութեան ու յոյսի պատգամ մը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.