2013-10-14 12:55:45

Ընդդիմադիր Սուրիական ազգային խորհուրդը կ՛որոշէ չմասնակցիլ «Ժընեւ-2»-ին


Ընդդիմադիր Սուրիական ազգային խորհուրդը որոշեց չմասնակցիլ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին, որուն նպատակը սուրիական տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելն է: Խորհուրդը նաեւ սպառնաց դուրս գալ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինէն, եթէ վերջինս որոշէ նշեալ խորհրդաժողովին մասնակցիլ:
Սուրիական Ազգային խորհուրդի նախագահ Ժորժ Սապրա ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «խորհուրդը, որ մարմինին մէջ քաղաքական մեծագոյն պլոքն է, իր բարձրագոյն ղեկավար մարմինին կողմէ այն խիստ որոշումը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ տուեալներուն եւ, կացութեանց լոյսին տակ Ժընեւ պիտի չերթայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մարմինին մէջ պիտի չմնայ, եթէ վերջինս որոշէ Ժընեւ երթալ»:
Ըստ «Հայաթ» օրաթերթին, սուրիական ազգային խորհուրդը այս որոշումը որդեգրած է ուրբաթ եւ շաբաթ օր Պոլսոյ մէջ իր գումարած ժողովին ընթացքին: Աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են, որ խորհուրդի անդամները համոզուած են, որ «սուրիական ընդդիմութեան նուազագոյն պահանջներու ապահովումն իսկ ներկայիս չէ երաշխաւորուած, եւ «Ժընեւ-2»-ին մասնակցիլը սահմանափակ քաղաքական հորիզոն ունեցող համաձայնութեան մը ճամբով ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան կը ծառայէ»:
Միւս կողմէ, Սուրիական կարմիր մահիկը երէկ յայտնեց, որ շաբաթ օրուընէ ի վեր ամիսներէ ի վեր կառավարական ուժերու պաշարման տակ գտնուող Դամասկոսի Մուատամիյէթ Շամ արուարձանէն դուրս բերած է 1500 քաղաքայիններ, որոնց մեծամասնութիւնը կիներ եւ երեխաներ են:







All the contents on this site are copyrighted ©.