2013-10-14 12:55:34

Երեւանը նշեց իր հիմնադրութեան 2795-ամեակը


Շաբաթ օր նշուեցաւ Երեւան քաղաքի հիմնադրութեան 2795-ամեակը` «Երեւան` իմ սրտի ուղեկից» կարգախօսին ներքեւ:
Տօնակատարութիւնները սկսած էին տակաւին մէկ օր առաջ եւ շարունակուեցան մինչեւ շաբաթ ուշ գիշեր:
Ինչպէս իւրաքանչիւր տարի, այս տարի եւս Երեւանի հիմնադրութեան տօնը սկսաւ «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի հրապարակէն:
Ամբողջ օրուան ընթացքին Երեւանի իշխանութիւնները, տարբեր քաղաքներէ ժամանած հիւրերը քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի գլխաւորութեամբ կը հետեւէին տօնական ձեռնարկներու ընթացքին:
Կեդրոն վարչական շրջանի տարածքին մէջ ամէն քայլափոխի կարելի էր հանդիպիլ մեծ ու փոքր բեմերու, երգի, պարի, թատերական խմբակներու ներկայացումներու, լուսանկարչական եւ հին ինքնաշարժներու ցուցադրութիւններու:







All the contents on this site are copyrighted ©.