2013-10-12 09:42:02

Հայաստանի հաւաքականը յաղթեց Պուլկարիոյ


Ֆութպոլի աշխարհի 2014 թուականի ախոյեանութեան ընտրական փուլի ծիրէն ներս Հայաստանի հաւաքականը Վազգէն Սարգսեանի անուան «Հանրապետական» մարզադաշտին մէջ յաղթեց Պուլկարիոյ խումբին` 2-1: Հայաստանի հաւաքականէն առաջին եւ երկրորդ խաղակէսերու վերջնաւորութեան խփեցին, համապատասխանաբար, Արազ Օզպիլիսը եւ Եուրա Մովսիսեան: Երկրորդ խաղակէսի մեկնարկէն շատ չանցած հաշուի տարբերութիւնը հաւասարեցուց Իվելին Պոպովը:
Հանդիպումին ներկայ էին ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, ՀՀ մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Եուրի Վարդանեան եւ ՀՖՖ նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան:
Այս խաղէն ետք Հայաստանի հաւաքականը ունի 12 միաւոր, իսկ պուլկարացիները` 13:
Հայաստանի հաւաքականը վերջին պտոյտին, Հոկտեմբեր 15-ին պիտի մրցի Իտալիոյ, իսկ Պուլկարիոյ հաւաքանը`Չեխիոյ ընտրանիին հետ:







All the contents on this site are copyrighted ©.