2013-10-12 12:07:21

''Երանի քեզի որ հաւատացիր'' Մարեմեան օրերը Վատիկանի մէջ


Հաւատոյ Տարուայ ծիրէն ներս, 12 եւ 13 հոկտեմբերին, Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ Վատիկանի մէջ կազմակերպուած են մարեմեան օրերը որ կը զուգադիպին Ֆաթիմայի Տիրամօր վերջին երեւումին տարեդարձին`13 հոկտեմբեր 1917։
Այս առթիւ Բորդուկալի Սրբավայր` Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը ժամանակաւոր կերպով փոխադրուած է Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակ` հաւատացեալներու պաշտամունքին արժանանալու համար։ Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը հուսկ երեկոյեան կը փոխադրուի Հռոմի Տիվինօ Ամորէ կոչուած Մարեմեան սրբավայրը ուր Հռոմի թեմի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է, աշխարհի այլ տասը Մարեմեան սրբավայրերու հետ միասին, ''Մարիամին հետ գիշերուընէ անդին'' խորագրով աղօթքի հսկում մը որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը պատկերասփռուած պատգամ մը պիտի ուղղէ հաւատացեալներուն։ Աղօթքի հսկումը կ՛եզրափակուի` կիրակի առաւօտեան կանուխ, ժամը 5-ին, Հռոմի Թեմի օգնական եպիսկոպոս` Գերապայծառ Լորէնցօ Լիուցցիի գլխաւորած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ։

Վատիկանի մէջ նշուած ''Մարեմեան օրեր''ը սկիզբ առին շաբաթ 12 հոկտեմբերի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս առաքելապետի դամբանին կազմակերպուած ուխտագնացութեամբ, որմէ ետք տեղի ունեցան Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունք եւ ապաշխարութեան խորհուրդի մատակարարում։

Երեկոյեան ժամը 5-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ տեղի կ՛ունենայ թափօր ու ապա Մարեմեան աղօթք, Ֆրանչիսկոս քահանայապետի նախագահութեամբ, որուն ընթացքին Նորին Սրբութինը խորհրդածութիւն մը կը ներկայացնէ։

Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Րինօ Ֆիզիքելլայի գնահատումով վերոյիշեալ արարողութիւններուն կը սպասուի համայն աշխարհէն հռոմ ժամանած աւելի քան 150 հաւատացեալներու մասնակցութիւնը։

Մարեմեան օրերը կ՛եզրափակուին կիրակի, 13 հոկտեմբերի առաւօտեան, միշտ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ. Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը գլխաւորած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի արտասանէ ''Տիրամօր Յանձնումի'' աղօթք մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.