2013-10-11 12:02:56

Վիէթնամի բանտերու մէջ կալանուած են աւելի քան 63 կրօնականներ։


Աւելի քան 63 պատասխանատու կրօնականներ, որոնց մեծ մասը քրիստոնեայ, կալանուած են Վիէթնամի մէջ, 5-18 տարի բանտարկութեան։ Անոնք կը գտնուին ծանր պայմաններու մէջ եւ պարտադրուած են օրական 14 ժամուայ տաժանելի աշխատանքներուն։ Ուաշինկթընի Կրօնական ազատութեան պաշտպան կազմակերպութիւնը յայտնած է որ քրիստոնեաները Վիէթնամի մէջ զոհ են խտրականութեան ու հարստահարումի։ Հռոմի, Վիէթնամի դպրեվանքի մեծաւոր` հայր Վան Սիի գնահատումով, Վիէթնամի բարձրաւանդակներու բնակիչները, որ կոչուած են նաեւ ''լեռնցիներ'' եւ որ մեծամասնութեամբ քրիստոնեաներ են, պետութեան կողմէ նկատուած են որպէս վտանգ մը ազգային կայունութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.