2013-10-11 11:39:56

Հայաստանի մայրաքաղաքը կը տօնէ իր 2795 –րդ տարեդարձը


Երկու օրերու վրայ երկարող տօնակատարութիւններով կը նշուի Երեւանի 2795-րդ տարեդարձը։ Այս առիթով մայրաքաղաքին քաղաքապետարանը ճոխ տօն կը խոստանայ, ծախսելով շուրջ 200 միլիոն դրամ։
Տարբեր ձեռնարկներ նախատեսուած են քաղաքի վարչական տարբեր շրջաններու մէջ, մշակութային եւ գեղարուեստական ելոյթներով։ Շենգաւիթ վարչական շրջանին մէջ տօնական ձեռնարկներու մեկնարկը տրուեցաւ արդէն «Երեւանը երգերի մէջ» խորագիրը կրող համերգային ծրագրով:
Ձեռնարկի ընթացքին հնչած բոլոր կատարումները նուիրուած էին Երեւանին:







All the contents on this site are copyrighted ©.