2013-10-11 11:33:01

Կարտինալ Գուրդ Գոխի խօսքը Բողոքական վերանորոգումի եկեղեցիներու միջազգային գիտաժողովին։


Առ ի պատրաստութիւն Բողոքական վերանորոգումի եկեղեցւոյ 5-րդ դարադարձի տօնախմբութիւններուն, (2017-ին), բողոքական եկեղեցիներու դաշնակցութիւնը միջազգային գիտաժողով մը կազմակերպած էր, Զիւրիխի մէջ 6 -10 հոկտեմբեր 2013։ Գիտաժողովին մասնակցող զանազան անձնաւորութիւններու շարքին էր նաեւ կարտինալ Գուրդ Գոխը` նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին որ իր կատարած միջամտութեան ընթացքին հաստատեց թէ ''բողոքականութիւնը միակ շարժումը չէ եղած Եկեղեցւոյ բարեփոխումի գծով։ ''Վերանորոգումի 2017-ի յոբելեանը պէտք է սատարէ յստակցնելու համամիութեան նպատակները Եկեղեցւոյ միութեան ի խնդիր'' - ըսաւ Կարտինալը - բողոքական եկեղեցիներու, շուրջ 250 պատուիրակներու ներկայութեամբ։
Կարտինալը հաստատեց որ սուրբ ֆրանչիսկոս եղած է Եկեղեցւո մեծագոյն ու արմատական բարեփոխիչը։ Սակայն անոր բերած բարեկարգութիւնները չեղան ''առանց կամ հակառակ Քահանայապետին'', այլ եղան Քահանայպետի օրհնութեամբ։ Նոյնպէս վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովը (1962-1965) բարենորոգումներ յառաջ բերաւ Եկեղեցւոյ մէջ, Աստուծոյ խօսքը առանցք դարձնելով Եկեղեցւոյ կեանքին։
Կարտինալը ցաւով յայտնեց որ 16-րդ դարու վերանորոգիչները Եկեղեցւոյ մէջ բաժանումներ յառաջ բերին ու հեռացան ս. հաղորդութեան խորհուրդէն եւ եպիսկոպոսական կառոյցէն եւ այսպէսով` վերանորոգումի ու աւանդութեան միջեւ եղած կապը խզուեցաւ ։ Կարտինալի գնահատումով եկեղեցիները հրաւիրուած են համբերութեամբ ու ապաշխարութեամբ ապրիլ ներկայ ընդհարումը մաղթելով որ ''այս յոբելեանը բոլորիս ընծայէ բարեպատեհ առիթ մը ապրելու համար միութեան յոյսով'' ։








All the contents on this site are copyrighted ©.