2013-10-11 11:40:56

Լիպիոյ վարչապետը առեւանգուեցաւ ու ազատ արձակուեցաւ


Լիպիոյ վարչապետ Ալի Զէյտան զինեալներու կողմէ առեւանգուելէ եւ ազատելէ ետք «հանդարտութեան» եւ «ողջամտութեան» կոչ ուղղեց: Ան Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ պանդոկէ մը առեւանգուեցաւ եւ քանի մը ժամ պատանդ մնաց զինեալներու մօտ:
Կառավարութեան պատկերասփռուած նիստին ընթացքին վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնք զինք ազատեցին` անուղղակի կերպով ակնարկելով, որ զինք ազատելու համար ապահովական գործողութիւն մը տեղի ունեցած է:
Լիպիոյ Յեղափոխականներու գործողութեանց սենեակ խմբաւորումը յայտարարած էր, որ վարչապետը ձերբակալած է` հիմնուելով ընդհանուր դատախազին հրամաններուն վրայ, սակայն արդարութեան նախարարութիւնը հերքեց նման բան: Խմբաւորումը նշեց, թէ իր քայլը Թրիփոլիի մէջ Քայիտայի ղեկավար Անաս Լիպիի ամերիկեան մասնայատուկ ուժերուն կողմէ ձերբակալուելուն հետ կապ չունի:
Պետական «Լանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ վարչապետը առեւանգողները Ոճիրներու դէմ պայքարի ջոկատն էր:
Վարչապետը առեւանգուած էր արշալոյսէն առաջ, Քորինթիա պանդոկին դէմ 100 զինեալներու կողմէ գործուած գործողութեան մը ընթացքին:









All the contents on this site are copyrighted ©.