2013-10-11 12:03:08

«Գահիրէին յատկացուած ամերիկեան օժանդակութեանց կրճատումը չի նշանակեր եգիպտոսի հետ կապերը խզել» ըսաւ Քերրի


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց, որ` «Եգիպտոսի յատկացուած ամերիկեան օժանդակութեանց կրճատումը որեւէ ձեւով անոր հետ յարաբերութիւնները խզել կամ զայն լքել չի նշանակեր»:
Ան նշեց, որ` «Միացեալ Նահանգներ` կառավարութեան գործելակերպին հիմամբ, պիտի սերտէ Եգիպտոսի տրամադրուած կարգ մը օժանդակութիւնները շարունակելու հարցը»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը չորեքշաբթի ուշ գիշերին յայտարարեց Եգիպտոսի հարիւրաւոր միլիոնի ռազմական օժանդակութիւններու առկախման մասին` աւելցնելով, որ` «Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ Եգիպտոսի ժամանակաւոր կառավարութեան հետ աշխատիլ»:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պատր Ապտելաթի յայտնեց, որ Եգիպտոսին յատկացուած ամերիկեան օժանդակութիւնները յետաձգել շարունակելը` «սխալ որոշում մըն է եւ անընդունելի է»` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը պիտի սերտէ օժանդակութեանց հարցով ամերիկեան կեցուածքը եւ մօտ օրէն գրաւոր կեցուածք մը պիտի հրապարակէ: Ան ամերիկեան վարչակազմին կոչ ուղղեց` «այս որոշումը կարելի եղածին չափ շուտ վերատեսութեան ենթարկելու»:







All the contents on this site are copyrighted ©.