2013-10-10 11:45:18

''Իսկական աղօթքը արիութեամբ կատարուած աղօթքն է'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։


Հիգնշաբթի, 10 հոկտեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայ սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անդրադառնալով աղօթքին ու աղօթելու կերպին, հաստատեց թէ ''առանց քաջութեամբ եղած աղօթք մը, իսկական աղօթք մը չէ։ Քաջութիւնը կը կայանայ յոյս ունենալու Տիրոջ վրայ, որպէսզի մեզի մտիկ ընէ, քաջութիւնը դուռը բախելու.... Տէրը կ՛ըսէ ''Ով որ խնդրէ, կ՛ընդունի եւ ով որ փնտռէ, կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը փախէ` կը բացուի անոր։ ''Սակայն հարկ է խնդրել, փնտռել ու բախել'' ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ան ապա քարոզը եզրափակեց ներկաները հրաւիրելով հայցել Տիրոջմէ շնորհքը որպէսզի կարողանանք ճանչնալ զինք ու զինք փառաբանել։







All the contents on this site are copyrighted ©.