2013-10-10 11:45:38

''Ընտանիքը կ'ապրի հաւատքի ուրախութիւնը'' բնաբանով ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպում Վատիկանի մէջ։


Հինգշաբթի, 10 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11.30 ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ, մամլոյ ասուլիսով մը ներկայացուեցաւ ''Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի'' տարեկան ընդհանուր 21-րդ հաւաքը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 23 - 25 հոկտեմներ։
Մամլոյ ասուլիսին ներկայացուեցաւ նաեւ, ''Հաւատոյ Տարուայ'' ծիրէն ներս կազմակերպուած` ՝՝Ընտանիք ապրէ հաւատքի ուրախութիւնը'' վերատառութեամբ ''Ընտանիքներու ուխտագնացութիւնը Սուրբ Պետրոսի դամբանին'' որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 26 եւ 27 հոկտեմբերին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորութեամբ։
Մամլոյ ասուլիսի ծիրէն ներս ներկայացուեցաւ նաեւ` Ընտանիքի եւ կեանքի նիւթերու մասին հատոր մը, որ կը պարունակէ Կարտինալ Եորկէ Մարիա Պերկոլիոյի,1999-2013 տարեշրջաններու շարադրած 35 բնագիրեր եւ որ հրատարակուած է Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի կողմէ, սպաներէն եւ իտալերէն լեզուներով։
Մամուլին հետ ունեցած իր ելոյթով գերապայծառ Բալիան յայտնած է թէ. ''Ընտանիքը պիտի վերագտնէ իր կեդրոնական տեղը ընկերութեան մէջ, հակառակ անոր կործանումի բազմաթիւ փորձերուն։ Հարկաւոր է որ ընտանիքը առանցքը դառնայ քաղաքականութեան, մշակոյթի, տնտեսութեան ու Եկեղեցւոյ''։ Ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպումին բնաբանն է. ` ''Ընտանիքը կ'ապրի հաւատքի ուրախութիւնը''։Ասիկա բարեբեր առիթ մը պիտի հանդիսանայ միջազգային հասարակութեան ցոյց տալու որ ընտանիքները մարդկութեան ճշմարիտ գանձն են։ Հանդիպումին նախատեսուած են բազմաթիւ ընտանիքներու մասնակցութիւնը։
26 հոկտեմբերի ժամը 17-18.30 Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր առաջին հանդիպումը պիտի ունենայ ընտանիքներուն հետ իսկ յաջորդ օրը` 27 հոկտեմբերին, Սրբազան Հայրը, ս. Պետրոս հրապարակի վրայ, պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնն ու աշխարհի բոլոր ընտանիքներու դիտաւորութեան աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.