2013-10-10 12:03:34

Եւրոպայի միութեան խորհրդարանի նախագահը կ՛ուզէ դարձեալ Քահանայապետը հրաւիրել Սդրազպուրկ։


Ուրբաթ 11 հոկտեմբերին Եւրոպայի միութեան խորհրդարանի նախագահը` տիար Մարթէն Շուլց հանդիպում կ'ունենայ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։ Ան, հանդիպումին ընթացքին պաշտօնական հրաւէր պիտի ուղղէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Սդրազպուրկ այցելելու եւ իր խօսքը ուղղելու Եւրոպայի խորհրդարանի ներկայացուցիչներուն։ Շուլց Քահանայապետին հետ պիտի շօշափէ Եւրոպայի ընկերային քաղաքականութեան հարցերը` աղքատութեան դէմ պայքարը, երիտասարդներու ապագան, գաղթականներու եւ փախստականներու հիւրընկալութիւնը։
Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով Շուլց յայտնեց որ անհամբեր կը սպասէ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը Սդրազպուրկ, Եւրոպայի խորհրդականներուն հաղորդելու եւրոպական ու տիեզերական պատգամ մը, որ այնքան կարեւոր է մեր այս օրերուն համար։
Հռոմ կեցութեան ընթացքին Շուլց հանդիպում պիտի ունենայ Սանդ' Էճիտիօ կոչուած հասարակութեան հետ, որ օգնութեան կը հասնի գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցի ''Միասին աղքատութեան դէմ'' նիւթին մասին, բանակցական ժողովի մը, կազմակերպուած Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանի նախաձեռնութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.