2013-10-10 11:32:55

Եւրոխորհրդարանը ընդունեց Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ վիզային կարգի պարզեցման նախագիծը


Եւրոխորհրդարանը այսօր Պրիւքսէլի մէջ խորհրդարանական լիագումար նիստի ժամանակ ընդունած է Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ վիզային կարգի պարզեցման եւ վերընդունման մասին նախագիծը: Այս մասին կը յայտնէ panorama կայքը՝ վկայակոչելով «ԻԹԱՌ-ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը:
Եւրոխորհրդարանի ընդունած փաստաթուղթին մէջ, մասնաւորապէս, կ’ըսուի. «Վիզային կարգի պարզեցումը նոր խթան կրնայ հանդիսանալ երկկողմ համագործակցութեան, մասնաւորապէս, կը բարձրացնէ քաղաքացիներու շարժունակութիւնը: Նոր կանոնները կ’արագացնեն վիզայի տրամադրումը (տրամադրման որոշումը կ’ընդունուի 10 օրուան մէջ, յատուկ պարագաներու` երկու օրուան մէջ կամ աւելի շուտ), ան աւելի մատչելի կը դարձնեն (դիմումը արժէ 35 եւրօ) եւ զերծ կը պահեն դիւանակալային (պիւրոկրատական) քաշքշուկներէն (անհրաժեշտ փաստաթուղթերու ցանկը կրճատուած է քաղաքացիներու որոշ դասակարգի համար` Եւրոմիութեան երկիրներու մէջ մօտ բարեկամներ ունեցողներ, պաշտօնական պատուիրակութիւններու անդամներ, ուսանողներ, ուսուցիչներ, գործարարներ, գիտնականներ):
Խորհրդարանականները նաեւ յիշեցուցած են, որ Յունուար 10-ին Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է վերցնել վիզային կարգը Շէնգենեան գօտիի երկիրներուն համար:
Վիզային կարգի պարզեցման եւ վերընդունման համաձայնագրի ստորագրումը Եւրոմիութեան «Արեւելեան համագործակցութեան» երկիրներու ծրագրի ծիրէն ներս է, որ նախատեսուած է աւելի սերտ յարաբերութիւններ հաստատել Եւրոմիութեան եւ շարք մը յետխորհրդային երկիրներու միջեւ (Հայաստան, Ատրպէյճան, Վրաստան, Պելառուս, Ուքրանիա, Մոլտովա):







All the contents on this site are copyrighted ©.