2013-10-09 10:52:07

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի, 9 հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։

Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը շարունակելով ''Հաւատամքի'' մասին իր խորհրդածութիւնը խօսքը կեդրոնացուց Եկեղեցւոյ ''կաթողիկէութեան'' վրայ։
''Կաթողիկէ'' կը նշանակէ'' ընդհանրական'', ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա անդրադարձաւ ''Եկեղեցւոյ Կաթողիկէութեան'' երեք նշանակութիւններու մասին։

Եկեղեցին կաթողիկէ է, որոովհետեւ այն բնակարանն է ուր ''հաւատքը'' ամբողջութեամբ կը հռչակուի եւ ուր փրկութիւնը շնորհուած է ամէնուն։ Ան Աստուծոյ Խօսքին ունկնդրութեան վայրն է, ուր ''խորհուրդներու'' միջոցաւ կը հանդիպինք Տիրոջ։

Եկեղեցին կաթողիկէ է, որովհետեւ ընդհանրական է, այսինքն` ներկայ է համայն աշխարհի մէջ ու ամէն ժողովրդապետութեան մէջ։ Եկեղեցին Աւետարանը կը հռչակէ ամէն մէկ մարդու ու ամէն մէկ կնոջ։

Եկեղեցին կաթողիկէ է, որովհետեւ ''վայրն է ներդաշնակութեան''։ Ան կը նմանի մեծ նուագախումբի մը ուր տարբերութիւնը եւ անոր անդամներու բազմազանութիւնը իրար զիրար չեն հակասեր։ Ուր ամէն մէկու առանձնայատկութիւնը գնահատուած է։ Բազմազանութիւն մը որ ներդաշնակութիւն կը յարաջացնէ Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ, որ է իսկական ''վարպետը'', նոյնինքն ներդաշնակութիւնը։

Աղօթենք Սուրբ Հոգւոյն որ միշտ աւելի Կաթողիկէ դարձնէ մեզ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով ճառը - ու ապա տարբեր լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող ուխտաւորները յատուկէն ողջույնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, քաջալերելով ամէնքը յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելու կարիքաւորներուն եւ տկարներուն հանդէպ։ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա յատուկ խօսք մը ուղղեց հոն ներկայ գտնուող Եւթոպիայի եւ Էրիդերիայի եկեղեցիներու եպիսկոպոսկներուն, անոնց վստահեցնելով իր աղօթքի միութիւնը, ցաւն ու մօտիկութիւնը, ի տես Լամբետուզայի որբերգութեան պատճառաւ մահացած իրենց հայրենակիցներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.