2013-10-09 10:52:58

Հայաստան դեսպանութիւն պիտի հաստատէ Մեքսիքայի մէջ


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 8 հոկտեմբերին ընդունած է Հայաստանի մէջ Մեքսիքայի նորանշանակ դեսպան Ռուբէն Ալպերթօ Պելտրան Գերերոն, որուն ըսած է, թէ Հայաստանը ցանկութիւն ունի զարգացնել Մեքսիքայի հետ յարաբերութիւնները, որոնց համար հիմնական է Մեքսիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն հիմնելու մտադրութիւնը»:
Հանդիպումին մասնակիցները կարեւոր նկատած են տարբեր մակարդակի պարբերական փոխայցելութիւններն ու աշխոյժ կապերը` երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափով: Երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ հեռանկարային կարգ մը ոլորտներու մասին խօսելով` շեշտը դրուած է հայ-մեքսիքական համագործակցութեան խորացման համար անհրաժեշտ իրաւապայմանագրային դաշտի ձեւաւորումն ու ընդլայնումը:
Երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ամրապնդման իմաստով զրուցակիցները մեծ դեր վերապահած են նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան, ուր, ըստ անոնց, կատարելիք մեծ աշխատանք կայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.