2013-10-09 13:30:49

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ
Քաղուած՝ Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան-ի խորհրդածութենէն


Նախանձորդը դարձի բերելը ամուլ աշխատանք Է...
Իւրաքանչիւր ժողովուրդ, ինչպէս իւրաքանչիւր անձ, այն տպաւորութիւնը ունի առհասարակ, թէ նախանձի գոյութիւնը միայն իր ժողովուրդին մօտ, կամ իր անձին շուրջ գտնուող մարդոց մէջ տեսնուած երեւոյթ է: Ասիկա սխալ ու յոռետեսական մօտեցում է ընդհանրապէս կեանքի, ու մասնաւորաբար նախանձի երեւոյթին նկատմամբ:
Հայերս աւելի մեր մասին, ու մեր ժողովուրդի թերութեանց մասին մտածելով, յաճախ խոշորացոյցի տակ կը բռնենք յատկապէս այս երեւոյթը՝ նախանձը:
Մեզի այնպէս կը թուի յաճախ, որ հայերս, իրար լաւ կը ճանչնանք, եւ որովհետեւ թիւով քիչ ենք, մեր ժողովուրդի զաւակներուն արձանագրած յաջողութիւնները կամ ունեցած ձախորդութիւնները շուտով շրջանառութեան կը դրուին, յատկապէս այսօրուան հաղորդակցութեանց դիւրին միջոցներուն բերումով։
Շատեր օրն ի բուն համացանցի միջոցաւ, մէկական տողով կարծիքներ կ՛արտայայտեն, հարիւրապատիկ բամբասանքի նիւթ հայթայթելով անգործ դատարկապորտներուն: Դժուար է գիտնալ ՜՜ե՞րբ կ՛աշխատին, կամ ինչպէ՞ս ժամանակ կը գտնեն անոնք նման դատարկախօսութիւն գիրի վերածելու՝՝։ Աղքատ, խեղճ, տկար ու անզօր է ան, որ անցեալի դեղնած թուղթերը լոյսին բերելով, անոնց դրամագլուխով կը փորձէ սրբագրութիւններ կատարել ներկային մէջ: Լաւ սրբագրութիւն կատարելու համար, ներկայի՛ն պէտք է նայիլ, անկէ օրինակ քաղելու համար: Իսկ լաւագոյն սրբագրութիւնը՝ անձին օրինակը մատուցելն է, որ եթէ ընդունելի է բոլորին կողմէ ու կատարեալ, ուրեմն այլեւս բառ ու բացատրութեան կարիք չ՛ունենար: Դաստիարակը շատ դիւրաւ կը դաստիարակէ իրեն յանձնուած աշակերտները, եթէ ի՛նք դաստիարակուած է ատենին: Կորնթացիներու ուղղած իր նամակին մէջ, առաքեալը շեշտելով կը շեշտէ, որ «սէր ունեցողը չի՛ նախանձիր» (Հմմտ Ա.Կր 13.4): Դժուար թէ սիրոյ այդ բարձունքին հասած մարդ ըլլայ այս աշխարհի մէջ, որովհետեւ աստուածային անանձնական սիրոյ գերազանց օրինակը կայ ատոր մէջ: Աշխատանքը միշտ ունեցած է իր հակառակորդները: Ծոյլերն են, որոնք թշնամի չեն ունենար: Անոնց թշնամին կ՛ըլլայ միայն իրենց նախանձը, որ «գործի» կը մղէ զիրենք, կասեցնելու աշխատողին թափը, կապելու լծուած եզան ոտքերը, կամ արգիլելու սոխակին դայլայլը: Հետաքրքրական է, որ նախանձորդներուն թիրախը միշտ լա՛ւ աշխատանքն է: Գիտեն, որ նման աշխատանքներ ուշադրութիւն պիտի գրաւեն, եւ կը մտահոգուին լա՛ւ աշխատանքին արդիւնքով, որովհետեւ շուտով կը պատկերացնեն թէ ինչպիսի գնահատանքի կրնայ արժանանալ զայն իրագործողը, եւ կամ ի վերջոյ ինչպիսի՛ բարիք պիտի սերմանէ անիկա իր շուրջը: Նախանձորդը բարիի թշնամին է այս կեանքին մէջ: Ուր որ բարին է, ինք այնտեղ «գործ» ունի կատարելիք, որ քանդիչ ըլլալէ աւելի, վտանգաւոր է՝ մահացու: Նախանձի հետեւանքով ինչքա՜ն սպանութիւններ տեղի ունեցած են ցարդ աշխարհի մէջ:
Նախանձոտ մարդուն աւելի լաւ է չպատմել նոյնիսկ գիշերը տեսած մեր լաւ երազին մասին, վստահ ըլլալով որ պիտի նախանձի: Անիկա պատմած պահուն իրականութիւն դարձած կը տեսնէ մեր երազը, եւ… կը նախանձի:
«Վարպետ նախանձորդներ» լռութեամբ կը գործեն, ժպիտը անպակաս ընելով իրենց դէմքէն, ու այն տպաւորութիւնը թողելով, թէ բնաւ զիրենք չե՛ն հետաքրքրեր ուրիշներուն յաջողութիւնները անոնք նաեւ ունին ներքին ուրախութիւնը պահելու մասնագիտութիւն մը, անոնց դէմքին տխուր կամ ուրախ արտայայտութիւնները կարելի չէ՛ զանազանել իրարմէ, այնքան որ մէկէն միւսը կ՛անցնին մեծ վարպետութեամբ:
Նախանձորդը դարձի բերելը ամուլ աշխատանք է, որմէ պէտք է հրաժարիլ ընդհանրապէս: Երբ ան իրեն թիրախ ընտրած անձին նոր աշխատանքները դիտէ, արդէն իր պատիժը կը ստանայ ամօթահար մնալով: Լաւ աշխատողը՝ նախաձորդներ պիտի ունենայ, բնական է: Սակայն երբ ան լաւապէս գործէ՝ ամօթահար կը թողու նախանձորդը, անիկա նաեւ դաստիարակիչ հանգամանք կրնայ ունենալ նախանձորդին համար, եթէ զգալու շնորհքը տրուած է իրեն Աստուծմէ:
Շարունակենք լաւագոյն աշխատանքը կատարել, գէթ այն յոյսով որ ամօթահար մնան նախանձորդները, եւ ընդօրինակելով մեր բարի աշխատանքը իրենք եւս նոյն ձեւով գործեն, մէկ կողմ դնելով բամբասանքը, զրպարտութիւնը, ոտնձգութիւններն ու չարագործութիւնը :








All the contents on this site are copyrighted ©.