2013-10-09 14:59:23

Հաղորդագրութիւն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին


Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց տարեկան Սիւնհոդոսը տեղի կ'ունենայ Հոկտեմբեր 8-էն 17, 2013, Կաթողիկոսական Աթոռին մօտ, ի Զմմառ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ եւ մասնակցութեամբ բոլոր Հայ Կաթողիկէ Թեմերու Առաջնորդներուն, բացի Բերիոյ Առաջնորդէն որ հարկադրուած է իր հօտին մօտ մնալ երկրին այս տագնապալի օրերուն պատճառով:

Ժողովին աշխատանքները, բացի ընթացիկ հարցերէն որոնք կը վերաբերին Եկեղեցւոյ հոգեւոր, հովուական ու ընկերային այլազան հարցերուն, կը կեդրոնանան հետեւեալ կարեւոր նիւթերուն վրայ.

Ա. Միջին Արեւելքի քաղաքական տագնապէն ծնունդ առած անապահով ու մտահոգիչ կացութեան լոյսին տակ, բազմապատկել ջանքերը՝ թեթեւցնելու համար գաղթելու հարկադրուած ժողովուրդին նիւթաբարոյական տառապանքը, յատկապէս ընկերային, հոգեկան, կրթական մարզերու մէջ:

Բ. Ծիսական բարենորոգումի ծիրին մէջ ներմուծել ծրագիրը յատուկ խորհրդաժողովի մը, ներշնչուելով Ծէսին ու Ծիսակատարութեան նուիրուած Քահանայապետական Սահմանադրութեան 50-ամեակէն, որ յորդոր մըն է Ծէսը կենդանի, աւելի մատչելի ու իմանալի դարձնելու դարուս մարդոց, եւ յատկապէս նոր սերունդին նկատի ունենալով անոր իւրայատուկ մտայնութիւնն ու նորայայտ հոգեկան պահանջքները, պահելով անխզելի կապը մեր Հայրերուն հոգեւոր աւանդութեան հետ:

Գ. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի հանդիսաւոր ոգեկոչումին առընթեր, որ մեծ թափով կը պատրաստուի Սփիւռքի եւ մայր Հայրենիքի մէջ, յառաջ տանիլ եւ աշխուժացնել զուգահեր աշխատանքները առ այդ կազմուած Յանձնախումբին՝ իրականացնելու համար տարիներով հետապնդուած մեր դատը՝ սուրբ հռչակել տալու Տիեզերական Եկեղեցւոյ կողմէ Մեծ Եղեռնի ընթացքին մեր բիւրաւոր այն նահատակները որոնք զոհուեցան «ցյեղումն արեան, վասն անունն Քրիստոսի»:

Դ. Հետապնդելով Հաւատքի Տարիի ծիրին մէջ Եկեղեցւոյ առաջադրած Նոր Աւետարանումի առաքելութիւնը, զօրեղացնել համագործակցութիւնը կղերական ու աշխարհական դասերուն միջեւ, խորացնելու համար քրիստոնէական հաւատքին ճշգրիտ ըմբռնումն ու վկայուած ապրումը այս քսանմէկերորդ դարուն ներկայացուցած մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Ե. Հաղորդակցութեան միջոցներու օգտագործումը հետզհետէ աւելի արդիւնաբեր դարձնելու դիտումով, յատուկ կարեւորութեամբ կիրարկել լսատեսողական արդիական միջոցները, ինչպէս նաեւ մամուլը՝ քրիստոնէական հաւատքի վերազարթումը յառաջացնելու համար մեր ժողովուրդին մէջ, որ օրըստօրէ աւելի ենթակայ կը դառնայ հաւատքի ու բարոյականի թշնամի հոսանքներու քանդիչ ազդեցութեան:

Վերջապէս Հայրերը, իրազեկ Միջին Արեւելեան, եւ յատուկ կերպով Լիբանանի եւ Սուրիոյ քաղաքական անկայուն կացութեան, եւ բաժնեկցելով այդ ժողովուրդներուն արդար մտահոգութիւնը ապագայի անորոշ վիճակին մասին, իրենց ձայնը կը միացնեն այդ երկիրներու առողջ ու հայրենասէր տարրերուն կոչին՝ օր առաջ քաղաքական հանրօգուտ ու մնայուն լուծում մը գտնելու համար այս անհանդուրժելի կացութեան:

Զմմառ, 9 հոկտեմբեր 2013
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին








All the contents on this site are copyrighted ©.