2013-10-09 11:16:27

«Դամասկոս աշխուժ եւ թափանցիկ կերպով կը մասնակցի քիմիական զէնքերու ոչնչացման գործողութեան» ըսաւ Փութին


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ` «Դամասկոս աշխուժ եւ թափանցիկ կերպով կը մասնակցի քիմիական զէնքերու ոչնչացման գործողութեան»` նշելով, որ «Սուրիոյ քիմիական զէնքերը մէկ տարուան ընթացքին ոչնչացնելը տրամաբանական նպատակ մըն է»:
Փութին կոչ ուղղեց, որ Ինտոնեզիա մասնակցի «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին` նկատի ունենալով, որ մեծագոյն իսլամական երկիրն է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆ յայտնեց, որ` «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ապագային նկատմամբ մեր կեցուածքը չէ փոխուած, ինչպէս իրեն նկատմամբ, ան Սուրիան ղեկավարելու համար ամէն օրինականութիւն կորսնցուցած է»:
Ան նշեց, որ` «կ’աշխատինք «Ժընեւ-2»-ի գծով, ուր վարչակարգն ու ընդդիմութիւնը փոխադարձ համաձայնութեան փոխանցման ղեկավարութիւն մը պիտի ընտրեն»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն առաջարկեց ՄԱԿ-ի եւ Քիմիական զէնքի արգիլման կազմակերպութեան հետ նախաձեռնել միացեալ առաքելութեան` Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի ոչնչացման նպատակով: Առաքելութեան կեդրոնատեղիները պիտի ըլլան Կիպրոսի եւ Դամասկոսի մէջ: Ան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած նամակի մը մէջ յայտնեց, որ` «հաշուի առնելով ներկայ իրավիճակը` միացեալ առաքելութեան ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ շատ սահմանափակ պիտի ըլլայ, այդ երկրին մէջ տեղակայուած պիտի ըլլայ միայն այն անձնակազմը, որուն ներկայութիւնը անհրաժեշտ է առաջադրանքները կատարելու համար: Դամասկոսի մէջ գրասենեակը պիտի ծառայէ իբրեւ աշխատանքային կեդրոն», կը նշուի նամակին մէջ:
Բացի ատկէ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարը կ’առաջարկէ Կիպրոսի մէջ եւս ստեղծել ռազմակայան մը, որ պիտի աջակցի սուրիական քիմիական զէնքի ոչնչացման:







All the contents on this site are copyrighted ©.