2013-10-08 14:02:53

''Քրիստոնեայ միջազգային զօրակցութիւն'' ոչ- կառավարական կազմակերպութիւնը կը պատշպանէ Աստուածաշնչեան հողերու վրայ ապրող քրիստոնեաներու ներկայութիւնը։


''Քրիստոնեայ միջազգային զօրակցութիւն'' ոչ- կառավարական կազմակերպութեան պատասխանատու` Ամերկացի Ճոն էյպների գնահատումով, Միջին Արեւելքի ու մասնաւորապէս Իրաքի ու Սուրիոյ քրիստոնեաները կարող են վերջնականապէս հեռանալ իրենց հայրենիքէն` այն հողերէն որ ականտես եղած են քրիստոնէութեան ծնունդին։
''Անոնց հեռացումը ժխտական հետեւանք մը պիտի ունենայ ոչ միայն քրիստոնէութեան այլ եւ համայն քաղաքակրթութեան վրայ'' - յայտարարած է Ճոն Էյպներ քննադատելով արեւմտեան պետութիւններու դիրքը`մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներունը որ` յանուն քաղաքա-տնտեսական շահերուն, պաշտպան կը հանդիսանայ Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն, որոնք օրէ օր հակա-քրիստոէական կեցուածք կը ցուցաբերեն։
Իրաքի քրիստոնեաները որ կը հաշուէին աւելի քան 1,5 միլիոն, Սատտամ Հիւսէյնի անկումով, վերածուած են շուրջ հարիւր յիսուն հազարի եւ անոնք յաճախ, ծայրայեղ մահմետականներու հալածանքներէն խուսափելու համար, դիմած են ներքին գաղթի ու ապաստան գտած են Իրաքեան Քիւրտեստանի մէջ։
Յայտնենք որ Թովմաս առաքեալն ու անոր աշակերտները Իրաքի քարոզիչները եղած են։ Արդարեւ Պաղտատի հարաւ-արեւելքի մէջ կը գտնուի Միջագետքի առաջին եկեղեցին, ուր արագօրէն տարածուած է Քրիստոսի Աւետարանը եւ Արամերէն լեզուն դարձած է քրիստոնեաներու մայրենի լեզուն։ Այս շրջանի քրիստոնեաները իրենց կարգին Աւետարանը հասցուցած են մինչեւ Չինաստան։








All the contents on this site are copyrighted ©.