2013-10-08 10:23:02

Նախարար Յակոբեան. «Հայրենիքը Նոր Գտած Սիրիահայերը Իրաւունք Չունեն Նորից Գաղթական Դառնալու»


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն»ին առաջին տարեդարձին առիթով 7 Հոկտեմբերին կեդրոնի գրասենեակ այցելեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը. ան հաստատեց, որ սուրիահայերը Հայաստան բերին նոր մշակոյթ, աշխատանքի նուիրում եւ պատասխանատուութիւն: Ան գոհունակութիւն յայտնած է կառոյցին տարած աշխատանքին համար՝ դիտել տալով, որ կարելի եղած է իրականացնել շուրջ 30 ծրագիրներ եւ փոփոխութեան ենթարկել ու կեանքի կոչել երկու տասնեակէ աւելի օրէնքներ։
«Համեստ, աշխատասէր, կրթ-ուած, խելացի մարդիկ են: Ես խոնարհւում եմ նրանց առաջ, նրանց առաջ պէտք է կանաչ ճանապարհ բացել հայրենիքում, նրանց բոլոր խնդիրները պէտք է լուծուեն: Հայրենիքը նոր գտած մեր հայրենակիցները իրաւունք չունեն նորից գաղթական դառնալու: Բոլորիս՝ Հայաստան պետութեան, Հայաստանի հասարակութեան, միջազգային կառոյցների խնդիրն է անել ամէն ինչ, որ նրանք հաստատուեն այստեղ», նշեց նախարարը:
Հրանոյշ Յակոբեանի համաձայն, Հայաստան եկած 10 հազար սուրիահայերը թէեւ իրենց կարգավիճակով գաղթականներ են, բայց Հանրապետութեան նախագահը յայտարարած է, որ անոնք իրենց հայրենիքին մէջ գաղթական չեն կոչուիր։ Նախարարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն անձերուն ու կառոյցներուն, որոնք արդէն աւելի քան տարիէ մը ի վեր կանգնած են սուրիահայերուն կողքին եւ կ՛աջակցին անոնց: Ան կարեւոր նկատեց «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն»ի գործունէութիւնը՝ սուրիահայերուն հարցերը պետական մարմիններուն մէջ արծարծելու եւ խնդիրներուն լուծում գտնելու իմաստով:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ, ՄԱԿի Գաղթականներու հայաստանեան գրասենեակին, Պարէնի համաշխարհային գրասենեակին, որ 6 ամսուան ընթացքին 15 քիլոկրամ պարէն մատակարարած է շուրջ 5000 ընտանիքի, եւ այլ կառոյցներու՝ սուրիահայերուն նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Ան նշեց, որ Նոր Հալէպ թաղամասի կառուցումը ընթացքի մէջ է, անոր կ՛աջակցին Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութիւնը, որուն ղեկավարները անվճար կը կատարեն նախագծումը թաղամասի տարբեր հատուածներու: Հրանոյշ Յակոբեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄին եւ Կիւլպէնկեան հիմնադրամին՝ ուսանողներուն տրամադրած կրթաթոշակներուն համար։
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ՄԱԿի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Քրիսթոֆ Ֆրետերիք Օթթօ Պիերվիրթը, որ դիտել տուաւ, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ սուրիահայերը ընդունելու, տեղաւորելու եւ անոնց հոգը թեթեւցնելու ուղղութեամբ:
Հրանոյշ Յակոբեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ շնորհակալագիր յանձնեց «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն»ին՝ այն բարդ աշխատանքին համար, զոր անոնք կը կատարեն:







All the contents on this site are copyrighted ©.