2013-10-08 09:54:32

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Տարեկան Սիւնհոդհոսը Զմմառու Վանքին Մէջ


Երեքշաբթի, 8 հոկտեմբերին, Զմմառու վանքին մէջ, ամփոփումի եւ աղօթքի պահով, սկիզբ առաւ Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան եպիսկոպոսական տարեկան Սիւնհոդոսը մասնակցութեամբ աշխարհի զանազան առաքելավայրերէն Լիբանան ժամանած եպիսկոպոսներուն։
Վերոյիշեալ սիւնհոդոսի ընթացքին պիտի քննարկուին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին յուզող հարցեր, բարեկարգչական խնդիրներ, ինչպէս նաեւ մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակն ու քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց դիմագրաւած ահաւոր մարտահրաւէրը։
Սիւնոդհոսը կը նախագահէ Ամենապատիւ և Գերերջանիկ՝ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.