2013-10-08 10:13:28

Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ Աստղագիտական Ուղղուածութեան 6-րդ Գիտաժողովը


Աշխարհահռչակ աստղագէտները ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ մասնակցեցան Երեւանի մէջ իրականացուող 6-րդ աստղագիտական գիտաժողովի բացման: Այս մասին կը յայտնէ Armenpress.am-ը:
“Ակտիւ կալաքթիքական միջուկներու բազմալիքային շրջահայութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ” թեմայով գիտաժողովին ելոյթ ունեցան ՀՀ ԳԱԱ նախագահ Ռատիկ Մարտիրոսեանը, Բիւրականի աստղադիտարանի տնօրէն Հայկ Յարութիւնեանը, ՀՀ-ի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպան Ճոնաթան էյուեսը, Միջազգային աստղագիտական միութեան (ՄԱՄ) 304-րդ միջազգային գիտաժողովի համանախագահներ Արեգ Միքայէլեանը (Հայաստան) եւ Տէյվիտ Սանտերսը (ԱՄՆ), ինչպէս նաեւ աշխարհահռչակ հայ աստղագէտ Երուանդ Թերզեանը: Հոկտեմբեր 7-11 Երեւանի մէջ կայանալիք ՄԱՄ գիտաժողովի բացման արարողութեան կը մասնակցէին նաեւ շարք մը պետական պաշտօնեաներ, դեսպաններ ու անուանի գիտնականներ:
Հայ անուանի աստղագէտ Բենիամին Մարգարեանի 100-ամեակին նուիրուած միջազգային այս գիտաժողովին մասնակցելու փափաք յայտնած է շուրջ 145 գիտնական աշխարհի աւելի քան 30 երկրէ: Թէեւ մասնակիցներուն թիւը դեռ կրնայ աւելնալ, սակայն ասիկա արդէն ցուցանիշ կը համարուի Հայաստանի մէջ երբեւէ իրականացած գիտական ձեռնարկներու ողջ պատմութեան մէջ: Գիտաժողովը նիւթական աջակցութիւն կը ստանայ ՄԱՄ-ի, ՀՀ ԳԱԱ-ի, ՀՀ ԿԳՆ գիտութեան պետական կոմիտէի, UNESCO-ի, UCOM-ի, UniComp-ի եւ այլ կառոյցներու կողմէ:
Մասնակիցներու թիւը աւելի շատ է աստղագիտութեան մէջ զարգացած երկիրներէ` ԱՄՆ-էն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Ֆրանսայէն, Սպանիայէն, Մեծ Բրիտանիայէն, Ճաբոնէն, Չինաստանէն, Հնդկաստանէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն եւ Հայաստանէն: Պիտի ներկայացուին 60 բանաւոր զեկուցում եւ շուրջ 100 փոսթըր: Հայաստանի մէջ նման գիտաժողովներ իրականացած են 1966, 1986, 1989, 1998 եւ 2001թթ., եւ 2013-ին
Գիտաժողովին համար ստեղծուած է համացանցային պաշտօնական էջ, ուր կարելի է ծանօթանալ մանրամասներուն եւ օրուան լրատւութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.