2013-10-07 13:30:56

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Պաշտօնական Հանդիպումները։


Երկուշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Լեզոդոյի Թագաւորն ու Թագուհին Լեդսի Գ եւ Մազէնադէ Մոհադօ Սէյեզօն ու անոնց ընկերացող շքախումբը։
Հանդիպումի ընթացքին արծարծուած նիւթերը եղան` երկու երկիրներու միջեւ կայացած փոխյարաբերութիւնները յատուկ կերպով ընդգծելով կրօնական ազատութեան կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ տեղական Եկեղեցւոյ ընկերութեան զարգացումին ի խնդիր տուած սատարը առողջապահական եւ դաստիարակչական մարզերէն ներս ու նաեւ անոր յանձնառումը` ողորմածութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան ի սպաս ։
Ժամը 11-ին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Զէնոն Կրոքոլեվսքին ու ապա ընդունեց Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահական գրասենեակի անդմաները` Կարտինալ Դիմոդի Միքայել Տոլան`Նիւ Եորքի Արքեպիսկոպոս եւ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Նախագահ, գերապայծառ Ժոզէֆ Էտուարտ Գուրդզ` փոխ նախագահ, գերապայծառ Ռոննի Ճենգինս` ընդհանուր քարտուղար եւ գերապայծառ Պրաեան Պրանսֆիլտ` օգնական քարտուղար։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ժամը 12-ին ընդունեց Լիթուանիայի, Էսդոնիայի եւ Լէդդոնիայի առաքելական նուիրակը գերապայծառ Լուիճի Պոնացցին ու ապա Ուկանտայի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Մայքել Պլում։

Իսկ առաւօտեան Սանդա Մարդայի Տան մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը յանձնարարեց ''Թոյլ տալ որ Աստուած գրէ մեր կեանքի էջերը'' ։ Ան ապա ակնարկելով Բարի Սամարացիին եւ Յովնան մարգարէին հաստատեց թէ ''երբեմն կրնայ պատահիլ որ քրիստոնեայ մը, կաթողիկէ մը, Յովնանի նման, փախչի Աստուծմէ մինչ մեղաւոր մը` որ հեռու նկատուած է Աստուծմէ, ունկնդրէ Անոր ձայնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.