2013-10-07 13:05:48

Սուրիոյ Քիմիական Զէնքերու Ոչնչացման Աշխատանքը Ընթացք Առաւ


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հոկտեմբերեան պատերազմի 40-ամեակին առիթով սուրիական «Թշրին» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ օրին եգիպտական ու սուրիական բանակը մէկ թշնամիի` իսրայէլեան բանակին դէմ կռուեցան եւ այսօր եւս կը կռուին մէկ թշնամիի դէմ, որ այս անգամ արաբ ու իսլամ է:
Ասատ ըսաւ, որ մեծագոյն յաղթանակը պիտի արձանագրուի, երբ ահաբեկիչներուն, ահաբեկչութեան եւ հաւատադրժողական գաղափարախօսութեան վերջ տրուի:
Ան նշեց, որ Սուրիա ռուսական նախաձեռնութիւնը ամերիկեան սպառնալիքներուն պատճառով չէ ընդունած եւ այդ մէկը ամերիկեան կողմին զիջում մը չէր, որովհետեւ այդ պահանջը արդէն իսկ գոյութիւն չունէր` աւելցնելով, որ ներկայիս Սուրիոյ մէջ գործածուող զանգուածային քանդումի իսկական զէնքերը ծայրայեղականութիւնն ու ահաբեկչութիւնն են:
Ինչ կը վերաբերի «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին, Ասատ ըսաւ, որ այդ խորհրդաժողովին համար նախապէս նշուած թուականները ենթադրութիւններ էին եւ ընդհանրապէս լրատուամիջոցներու կողմէ նշուած, սակայն յստակ թուական մը գոյութիւն չունի, նախ եւ առաջ, որովհետեւ ամերիկեան վարչակազմը չկրցաւ իր, Արեւմուտքի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ հետեւորդ ընդդիմադիր խմբաւորումներուն զիջումներ ապահովելու նպատակով Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ մեծ յաղթանակ մը արձանագրել եւ չկրցաւ միացեալ ընդդիմութիւն մը գտնել, ինչպէս նաեւ այդ խմբաւորումներուն գետնի վրայ ժողովրդային ենթահող չկրցաւ ստեղծել: Անոնք պատճառ դարձան, որ ամերիկացիները «Ժընեւ-2»-ի գումարումը ձգձգեն: «Մեզի համար որեւէ օր «Ժընեւ-2»-ի համար յարմար է», ըսաւ ան:
Ասատ գերմանական «Տեր Շփիկըլ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք չի պատրաստուիր ընդդիմադիրներու հետ բանակցութիւններու սկսելու, այնքան ատեն որ անոնք զէնքերը վար չեն դրած:
Ան նշեց, որ Գերմանիա կրնայ միջնորդ հանդիսանալ սուրիական տագնապին վերջ տալու համար` աւելցնելով, որ իր կեանքին վրայ չի վախնար, այդ պատճառով ալ չի լքեր Դամասկոսը: Լրատուամիջոցներ նախապէս տարածած էին այն տեղեկութիւնը, թէ Ասատ Միջերկրական ծովուն մէջ գտնուող ռուսական նաւու մը մէջ պահուըտած է:
«Արապիյա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Քիմիական զէնքի տարածման արգիլման կազմակերպութեան փորձագէտները սկսած են սուրիական քիմիական զէնքերու ոչնչացման աշխատանքին:
Նախապէս, Սուրիոյ իշխանութիւնները նշեալ կազմակերպութեան թունաւոր նիւթերու եւ անոնց արտադրութեան միջոցներու ոչնչացման համար անհրաժեշտ լրացուցիչ տեղեկութիւններ տրամադրած էին:
Յիշեցնենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը 27 սեպտեմբերին սուրիական բանակի քիմիական զէնքի ոչնչացման վերաբերեալ որոշում մը որդեգրած էր: Որոշումը Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն կողմէ միաձայնութեամբ որդեգրուած էր:







All the contents on this site are copyrighted ©.