2013-10-07 13:05:41

Հիւսիսի Մէջ Կատարած Հովուապետական Իր Այցելութեան Ընթացքին. Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Պահպանելու Եւ Սերտացնելու Արաբական Աշխարհին Հետ Համերաշխութեան Յարաբերութիւնները


«Ան, որ իր հողը կը ծախէ, կը ծախէ նաեւ իր պատմութիւնն ու ինքնութիւնը», յայտարարեց մարոնիներու Ռայի պատրիարք երէկ, հիւսիսի Զղարթա եւ Տննիէ շրջանները կատարած հովուապետական իր այցելութեան ընթացքին: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն կառչած մնալու եւ չլքելու իրենց հայրենի հողը:
Իսկ Լիբանանի քրիստոնեաներուն ուղղելով իր խօսքը` Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց պահպանելու եւ սերտացնելու արաբական աշխարհին հետ համերաշխութեան յարաբերութիւնները:
«Արաբական իսկական գարունը կ՛անցնի Լիբանանի գարունէն, երկխօսութեան, գործակցութեան ու հարցերը խաղաղօրէն եւ ոչ թէ ահաբեկչութեամբ կամ բռնամիջոցներով լուծելու գարունէն», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը` քաղաքական ղեկավարութիւններէն պահանջելով փութալ համապարփակ, կարող եւ հաւասար իրաւունքներով կառավարութեան կազմութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.