2013-10-07 10:26:19

Հայ Եկեղեցւոյ Մասնակցութինը Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու
Եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ Աստուածաբանական Պաշտօնական
Երկխօսութեան


ԱՆԹԻԼԻԱՍ - 3-7 Հոկտեմբեր 2013 Լոնտոնի մէջ, գումարուեցաւ Արեւելեան
Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ աստուծաբանական
պաշտօնական երկխօսութեան յանձնախումբի երկրորդ ժողովը:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցան Գերշ.
Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ Հոգշ. Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան ու Մեծի Տանն
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ` Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ.
Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:
Ժողովին ատենապետեցին Նարեկ Սրբազան եւ Ճեֆրի Ռաուլ
Եպիսկոպոս:
Ժողովականներ քննարկեցին Ս. Հոգիի բխման վարդապետութիւնը եւ
2002-ին ստորագրուած քրիստոսաբանական համաձայնագիրը:
Շաբաթ, 5 Հոկտեմբեր, ժողովականներ այցելեցին Ղպտի ուղղափառ
եկեղեցին, ուր երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին աղօթեցին Միջին
Արեւելքի խաղաղութեան համար եւ համայնքի հաւատացեալներուն հետ
ընթրեցին:
Կիրակի 6 Հոկտեմμեր, ժողովականներ ներկայ գտնուեցան Անկլիգան
Սուրբ Պատարագին եւ ապա ճաշի հիւրը եղան Գենթըրպըրիի նորընտիր
Արքեպիսկոպոս Ճասթըն Ուելպիին:
Յանձնախումբի յաջորդ ժողովը տեղի պիտի ունենայ 13-17 Հոկտեմμեր
2014-ին, Գահիրէի մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.