2013-10-07 09:59:04

Իսլամացած Հայերու Նուիրուած Խորհրդաժողով Պոլսոյ Մէջ


Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկը, Պոլսոյ «Պողազիճ» համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին հետ համատեղ, Նոյեմբեր 2էն 4 պիտի իրականացնէ գիտաժողով մը՝ նուիրուած իսլամացած հայերու հարցին:
Ըստ «Ակօս»ի՝ գիտաժողովին պիտի մասնակցին աշխարհի չորս կողմերէն եկած գիտնականներ եւ մասնագէտներ, որոնք պիտի քննարկեն վերջին տարիներուն հետզհետէ աւելի շատ արծարծուող այս հարցը: Այսպիսով, Հայկական Ցեղասպանութեան քիչ ուսումնասիրուած այս էջը հանրութեան պիտի ներկայացուի նոր տեսանկիւններէ:
Իսլամացած, աւելի ճիշդ՝ իսլամացուած հայերու խնդիրը բաւական բազմաշերտ ու խճճուած է: Գիտաժողովի մանրամասներուն մասին խօսած է միջոցառման կազմակերպիչ յանձնաժողովի անդամ Այշէ Կիւլ Ալթընայ, որ Ֆեթհիյէ Չեթինի հետ միասին հեղինակած է իսլամացած հայերու խնդիրը բազմակողմանիօրէն լուսաբանող «Թոռներ» գիրքը:
«Որոշ պատմաբաններու կարծիքով՝ 1915 թուականի եւ անոր յաջորդած կոտորածներէն ու աքսորէն փրկուելու համար, շուրջ 200 հազար հայ իսլամացած է: Կարելի չէ գիտնալ անոնց ստոյգ թիւը, սակայն այս վիճակագրութիւնը մեզ մօտաւոր պատկեր մը կը ներկայացնէ», նշած է Ալթընայ, աւելցնելով, թէ Հայաստանի եւ հայկական Սփիւռքի համայնքները մինչեւ վերջերս չեն քննարկած եւ չեն ուսումնասիրած իսլամացուելով Ցեղասպանութենէն փրկուածներու հարցը, իսկ անոր շուրջ գիտական աշխատութիւններ, հրատարակուած յուշագրութիւններ կամ գրական ստեղծագործութիւններ միայն վերջին քանի մը տարիներուն ի յայտ եկած են:
«Այս գիտաժողովը պիտի դառնայ միջազգային այն առաջին ընդգրկուն հանդիպումը, որ պիտի քննէ այս խնդիրը», եզրակացուցած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.